Saturday May 25, 2013

ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՀՈԼԼԱՆՏ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԳՆԴԱԿԱՀԱՐՈՒԱԾ ԱԼՃԵՐԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

By adminx - Wed Oct 19, 6:19 am

Հոլլանտ ծաղիկ կը նետէ Սեն գետին մէջ

Ֆրանսայի մէջ 2012-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտ երկուշաբթի օր Սեն գետի ափին ոգեկոչած է 50 տարի առաջ ցոյցի մը ընթացքին սպաննուած ալճերիացի ներգաղթեալներու յիշատակը:

Հոլլանտ իր կուսակցութեան շարք մը ներկայացուցիչներուն հետ վարդեր նետած է Սեն գետին մէջ եւ յայտարարած, որ Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը այլեւս պէտք է իրողութիւնները դիմակայէ: «Այլեւս պէտք է բարձրաձայնուին իրողութիւնները` առանց ափսոսանքի կամ ոեւէ մէկը մեղադրելու: Պէտք է ընդունիլ տեղի ունեցածը: Այսօր ես ատիկա կ՛ընեմ իբրեւ ընկերվարական: Իսկ վաղը ատիկա պէտք է ընէ Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը», ընդգծած է ան:

Երկուշաբթի օր Ֆրանսայի մէջ գործող ալճերիական շարք մը կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ 17 հոկտեմբեր 1961-ին Փարիզի մէջ բողոքի ցոյցի մը ընթացքին սպաննուած եւ Սեն գետը նետուած հարիւրաւոր ալճերիացիներու յիշատակին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած են արարողութիւններ, որոնց ի տարբերութիւն Հոլլանտի, նախագահ Նիքոլա Սարքոզին ներկայ չէ գտնուած:

17 հոկտեմբեր 1961-ին Փարիզի մէջ հաւաքուած ալճերիացի ներգաղթեալներ ցոյց մը կազմակերպած էին` բողոքելու համար Ֆրանսայի կողմէ Ալճերիոյ դէմ մղուող պատերազմին դէմ: Ֆրանսայի իշխանութիւնները արգիլեցին ցոյցը, սակայն շուրջ 30 ալճերիացիներ, որոնց միացան նաեւ շարք մը ֆրանսացիներ, մասնակցեցան ցոյցին: Այդ ժամանակուան ոստիկանապետ Մորիս Փափոն հրամայեց կրակել խաղաղ ցուցարարներուն վրայ, որմէ ետք ալ ոստիկանները սպաննուած ցուցարարներուն մարմինները նետեցին Սեն գետը:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement