Կ Ո Չ. ՃԱՓՈՆԸ ՀԱՐՈՒԱԾԱԾ ԲՆԱԿԱՆ ԱՂԷՏԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
By adminx - Sat Mar 19, 7:09 am
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print
Ճափոնը հարուածած երկրաշարժէն ետք, Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կապ հաստատեց արտերկրի մէջ Ճափոնի ներկայացուցիչներուն հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք բնական աղէտի պատճառած զոհերուն համար, պատրաստակամութիւն յայտնեց, ՀՕՄ-ի կարելիութեան սահմաններուն մէջ, օժանդակութեան ձեռք երկարելու արդէն կէս միլիոնի սահմաններուն հասնող անօթեւան քաղաքացիներուն:
Այսու կոչ կ՛ուղղենք բոլորին Ճափոնի աղէտեալներուն օժանդակութեան ձեռք մեկնելու` Հայ օգնութեան միութեան ճամբով:
Ձեր նուիրատուութիւններուն համար կրնաք դիմել ձեր երկրին մէջ գործող Հայ օգնութեան միութեան վարչութեան կամ ձեր նուիրատուութիւնը կատարել ուղղակի, այցելելով ՀՕՄ-ի կայքէջը (www.ars1910.org) եւ սեղմելով Ճափոնի օժանդակութեան ՀՕՄ-ի Ֆոնտին վերաբերող մասին վրայ:
Ձեր շրջանի ՀՕՄ-ի միաւորի հասցէն ու կապի տուեալները եւս կրնաք գտնել մեր կայքէջին վրայ`
«ՀՕՄ-ի միաւորներ» բաժինին մէջ:
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print



