Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուռ Ու Պատգամող Ջահերթ` Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս

Ապրիլ 24, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հսկում` Պայքարը Շարունակելու Երիտասարդական Վճռակամութիւնը Վերանորոգելով

Երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնէն երիտասարդական ջահերթ մը ընթացք առաւ դէպի Անթիլիասի մայրավանք` լռութեամբ յիշեցնելով լիբանանցիները, թէ 102 տարի առաջ հայութիւնը ենթարկուեցաւ ահաւոր Ցեղասպանութեան, որուն հեղինակները նաեւ լիբանանցիներուն չխնայեցին, հակառակ անոր որ վերջինները կը փորձեն անտեսել իրենց պատմութիւնը:

Խորհրդաւոր ջահերթը  ժամը շուրջ 8:00-ին հասաւ մայրավանք, ուր լիբանանահայ երիտասարդութիւնը` իր երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի շրջափակին մէջ ոգեկոչեց յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն` բարձրագոռ  հաստատելով, որ հաւատարիմ է Հայ դատին եւ պայքարող ու պահանջատէր` մինչեւ հայութեան ամբողջական իրաւունքներու ձեռքբերումը:

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, ՍԴՀԿ «Տխրունի» ուսանողական-երիտասարդական միութեան, ՌԱԿ «Մ. Փորթուգալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպած աւանդական դարձած հսկումին, որուն ներկայ եղան մեծաթիւ լիբանանահայեր, Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք կազմակերպիչներուն կողմէ  բացման խօսքը արտասանեց ԶՈՄ-ական Հրակ Տէտէեան, որ դիտել տուաւ, թէ օսմանեան եաթաղանէն վերապրած նոր սերունդը հաւաքուած է անգամ մը եւս յայտարարելու, որ հայ ազգը չէ ոչնչացած, այլ պիտի յարատեւէ մինչեւ հասնի իր սրբազան լերան կատարին, հակառակ իր կրած տանջանքին ու տառապանքներուն, գոյատեւելու ու վերականգներու, յիշելու ու պահանջելու ճիգին, հակառակ թուրքին նենգ քայլերուն, դրժումի եւ հակահայ քաղաքականութեան, հաստատելու, որ հայ երիտասարդութիւնը չի վախնար անոր դրժումներէն, հալածանքներէն, գազանային նկարագիրէն, պետութիւններուն միլիոնաւոր տոլարներու մսխումներէն եւ փանթուրանական ախորժակներէն:

Ան դիտել տուաւ, որ Եւրոպան ու ամբողջ աշխարհը այսօր կը տեսնեն Թուրքիան իր հարազատ ու իրաւ պատկերով, ականատես են այն փաստին, որ թուրքը կ՛ուզէ վերադառնալ իր սուլթանական օրերուն` իր այդ ծրագիրին արգելք հանդիսացող բոլոր փոքրամասնութիւններն ու ազգութիւնները, մշակոյթները բնաջնջելով:

Հրակ Տէտէեան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան` չվախնալու թուրքին հակահայ քայլերէն, շարունակելու պայքարը, որովհետեւ պայքարի եռանդով ու վճռակամութեամբ լեցուած երիտասարդը անպայման պիտի հասնի իր ձգտումներուն եւ երազներուն իրականացման: «Եկէ՛ք հաւատանք մեր կամքի ուժին, եկէ՛ք վստահինք մեր կորովին, մեր բազուկի զօրութեան, որ Արցախի մէջ մեր յաղթանակող հերոսներուն արեան շնորհիւ մենք պիտի յաջողինք նոր յաղթանակներ կերտել, ըլլայ ատիկա քաղաքական, դիւանագիտական, միջազգային իրաւունքի եւ այլ ճակատներու վրայ, յաղթանակներ եւ յաջողութիւններ, որոնք մեզ պիտի առաջնորդեն ամբողջական Հայաստանի, ամբողջական հայութեան, վերջնական յաղթանակին», եզրափակեց ան` հաստատելով, որ 102 տարի ետք սուգի ու լացի էջը կը փակենք վերջնականապէս եւ կ՛անցնինք պահանջատիրութեան գործնական նոր հանգրուանին:

Միութիւններուն անունով Ս. Նահատակաց մատրան առջեւ ծաղկեպսակներու  զետեղումէն ետք ՍԴՀԿ «Տխրունի» երիտասարդական-ուսանողական միութեան խօսքը ուղղեց Քրիստին Շահինեան, որ ըսաւ, թէ 102 տարի առաջ պետականօրէն մշակուած ծրագիրով իրագործուեցաւ ոճրագործութիւն մը, որ իր հրէշաւորութեամբ եւ հետեւանքներու ծանրութեամբ նախադէպը չունէր ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ համաշխարհային պատմութեան մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ հայութեան համար ապրիլ 24-ը ամէնօրեայ օրակարգ է, իր մտածումներէն դուրս չի գար այնքան ատեն որ ցեղասպան Թուրքիան չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը շարունակէ խեղաթիւրել իրականութիւնները:

Քրիստին Շահինեան յայտնեց, որ 102 տարի առաջ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած բարբարոս արարքները, տեղահանութիւնը, գաղթն ու սպանդը միայն հայութեան դէմ ուղղուած չէին, այլեւ ամբողջ մարդկութեան, եւ որովհետեւ ոճրագործը մնաց անպատիժ, այսօր աշխարհին մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններուն սպանդն ու ցեղային մաքրագործումները կը շարունակուին: Ան հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, անոր հետեւանքներուն վերացումը եւ ցեղասպանին կողմէ այդ ոճիրին ընդունումը կարեւորագոյն պատուար են կանխարգիլելու նմանօրինակ ոճիրներ ու սպանդներ: Երիտասարդութեան անունով ան հաստատեց, որ պիտի շարունակեն պայքարը առանց ընկրկելու` հաստատ քայլերով եւ միասնականութեամբ:

Ապա ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի կողմէ պատրաստուած տպաւորիչ եւ Հայ դատի անցած ուղին ամփոփող, հայ եւ օտար անձնաւորութիւններու վկայութիւնները ներառող տեսերիզ մը:

ՌԱԿ «Մ. Փորթուգալեան» ուսանողական միութեան խօսքը արաբերէնով ուղղեց Օհան Պարուճեան, որ ողջունեց ճնշուած ժողովուրդները` հայեր, ասորիներ, յոյներ, որոնք միեւնոյն ճակատագիրին բերումով իրենց ուժերուն կը վստահին լուծելու համար իրենց դատը, հակառակ անոր որ բաւական դաժան օրեր ապրած են: Ան յիշեց նաեւ այն իրականութիւնը, որ լիբանանցիները եւս թուրքին եաթաղանին զոհ գացած են 1916 թուականին, երբ Նահատակաց հրապարակին վրայ կախաղաններ բարձրացուեցան, թրքացման քաղաքականութիւն ի գործ դրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ եղող բոլոր շրջաններուն մէջ: Պարուճեան շեշտեց, որ ոճրագործ Ճեմալ փաշայի օրերուն Լեռնալիբանանի մէջ յատկապէս եւ լիբանանեան տարածքին ընդհանրապէս ցեղասպանութեան տարողութեան հասնող սպանդ ի գործ դրուեցաւ` նպատակ ունենալով ձերբազատիլ ազատութեան եւ անկախութեան ձգտում ունեցողներէն: Ան հաստատեց, որ այս բոլորին մասին փաստեր, յուշագրութիւններ եւ այլ վաւերագրութիւններ գոյութիւն ունին, սակայն ոչ ոք ձայնը կը բարձրացնէ եւ ոճրագործ օսմանցիներուն կատարած սպանդներուն վերաբերող իր իրաւունքները կը պահանջէ, այլ աւելի վատը կը կատարուի, երբ լիբանանցիներ կը փորձեն սին արդարացումներ գտնել իրենց պապերուն հաշուոյն կատարուած օսմանեան սպանդներուն:

Օհան Պարուճեան խօսեցաւ մերօրեայ իրականութեան մասին` դիտել տալով, որ այսօր եւս ոճիրները կը շարունակուին: Թուրքիոյ անպատիժ մնալը դուռ բացաւ նորանոր սպանդներու, սակայն սուրիական հարցին մէջ ան փոսը փորեց, բայց ինք մէջը ինկաւ, որովհետեւ Թուրքիա հաւատադրժողականներուն համար դուռ բացաւ դէպի եւրոպական երկիրներ, սակայն վերջիններուն կողմէ Եւրոպայի մէջ կատարուած ահաբեկչութիւնները սեպ խրեցին Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ միջեւ, որ շատ հեռու է մարդկային սկզբունքներուն մասին խօսելէ: Ուստի, Օհան Պարուճեանի համոզումով, հեռու չէ այն օրը, երբ Թուրքիա հաշուետուութեան պիտի կանչուի եւ շատ սուղ պիտի վճարէ դարեր շարունակ իր կատարած ոճիրներուն համար:

Իր խօսքի աւարտին ան ողջունեց Միջին Արեւելքի ժողովուրդները` դիտել տալով, որ այս շրջանը մշակոյթներու եւ կրօններու համակեցութեան վայր է:

Անկէ ետք խօսք առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով հսկումին ընթացքին Անթիլիասի մայրավանք այցելած, Նահատակաց  մատրան առջեւ ծաղկեպսակ զետեղած, ապա, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ հանդիպում ունեցած  Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ: Ան հաստատեց, որ ուզած է հսկումին ներկայ ըլլալ, որովհետեւ հայն ու լիբանանցին մէկ պատմութեան, ներկայի եւ ապագայի զաւակներ են` շեշտելով, որ մեծապէս տպաւորուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հայաստան տուած այցելութեամբ, որովհետեւ Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ իր տեսած բոլոր լուսանկարներուն ընդմէջէն գիտակցած է, որ միացեալ պատմութիւն գոյութիւն ունի: Ան յիշեցուց, որ 1915 թուականին Լիբանան եւս հաւաքական սպանդի ենթարկուեցաւ, շրջափակուեցաւ, այդ պատճառով ալ մեծաթիւ քաղաքացիներ մեռան, ուրիշ մաս մը բռնագաղթեց` հաստատելով, որ այս պատճառով ալ իւրաքանչիւր լիբանանցի ընտանիքի մէջ կայ պարագայ մը, որ տուժած է այդ ժամանակաշրջանի ոճիրներէն, օրինակ բերելով իր մեծ հայրը, որ Լիբանանէն հեռացած է, տանջուած է, ուստի հայութեան վերաբերող այդ ողբերգութիւնը նաեւ առնչութիւն ունի լիբանանցիներուն:

Նախարար Պասիլի համաձայն, միայն ապրիլ 24-ին չէ, որ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը կը յիշենք միասնաբար, այլ ամէն օր` պայքարելով գոյատեւման համար, որովհետեւ փորձ կայ նաեւ մեր ինքնութիւնն ու մշակոյթը ոչնչացնելու, քաղաքական ու տնտեսական բնաջնջման քաղաքականութիւն ի գործ դնելու, սակայն ամէն անգամ որ կը կարծենք, թէ մարտահրաւէրին դէմ յանդիման դրինք, նոր մարտահրաւէրներ կը կարդացուին: Իր խօսքի աւարտին նախարար Ժըպրան Պասիլ հաստատեց, որ ազատութեան եւ զայն պահելու ձգտումին համար է, որ սպանդներու եւ բռնութիւններու ենթարկուեցանք, սակայն միշտ ալ պիտի շարունակենք պայքարիլ ազատութեան համար, որքան ալ հալածուինք ու ճնշուինք: «Մենք մէկ ենք, մէկ ազգ ենք, մէկ դատ ունինք, մեր ձեռքին պիտի ունենանք միայն մէկ զէնք` խաղաղութեան, ազատութեան, ուրիշի նկատմամբ լայնախոհութեան: Բաւական վճարեցինք, հաւանաբար տակաւին վճարենք, սակայն ի վերջոյ ասիկա է մարդ արարածին կրած պատգամը, որ պիտի յաղթէ ազատութեամբ եւ արժանապատուութեամբ»: (Նշենք, որ նախարարը նոյն գաղափարներէն մեկնած գրառում մը կատարած էր «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ):

Ապա «Էքս. Ֆեքթըր» յայտագիրին արցախցի մասնակիցներ Եուրի Ադամեան եւ Նարեկ Վահանեան ապրումով եւ տպաւորիչ կերպով մեկնաբանեցին ազգային երգեր:

Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ Լիբանանի երիտասարդական միութեան խօսքը փոխանցեց Յարութ Լափաճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ 102 տարի ետք տակաւին դասեր չենք քաղած մեր արիւնալի անցեալէն, տակաւին չենք արթնցած համակերպումի մեր հիւանդագին մօտեցումէն, չենք արթնցած մեր խոր քունէն, չենք հասկցած արժէքը հա՛յ կոչուելու, պատիւը զգալու այն ազգին, որուն կը պատկանինք հպարտութեամբ: Ան հաստատեց, որ հայութիւնը մեծապէս պայքարած է իր ինքնութեան, մշակոյթին ու արժէքներուն պահպանման ի խնդիր, սակայն այսօր կան հայեր, որոնք կը դաւաճանեն իրենց մայրենի լեզուին, մշակոյթին, կ’ուրանան բռնագրաւուած հայկական հողերն ու պահանջները: «Կ’անտեսեն մեր ազգի դարաւոր պայքարը, կ’այցելեն եւ կը հանգստանան Թուրքիոյ արիւնոտ ծովափին, կը քաջալերեն եւ վաճառականութիւն կ’ընեն ոճրագործին հետ` իրենց մեծ հայրերուն թանկագին արիւնը վաճառելով աժան գինով: Կ’ունկնդրեն թրքական եւ թրքաբարոյ երաժշտութիւն, կը հետեւին թրքական քաղաքակրթութիւն ու մշակոյթ քաջալերող թրքական ֆիլմաշարերու», դիտել տուաւ ան: Լափաճեան ներկայիս երիտասարդութեան դիմաց ցցուած հիմնական մարտահրաւէրներէն նկատեց թրքական թափանցումը մեր շրջաններուն մէջ, թրքականը քաջալերելու վտանգաւոր երեւոյթը, որ խորքին մէջ հայը մասնակից կը դարձնէ թշնամիին գործած ոճիրներուն, յատկապէս այսօր Արցախի մէջ:

Յարութ Լափաճեան հաստատեց, որ ժամը արդէն հասած է սթափելու, սեղմելու բռունցքները եւ գոռալու` «Պայքա՛ր», ժամանակն է յարութիւն առնելու, բարձրանալու մոխիրներէն եւ աւերակներէն,  վերանորոգելու մեր դարաւոր պայքարի ոգին, ժամանակն է, որ աշխարհի ամբողջ հայութիւնը, իբրեւ մէկ մարդ, ոտքի կանգնի` յանուն ազգի փրկութեան: Ան անհրաժեշտ նկատեց ձեւակերպումներէ եւ լոկ ապրիլեան ձեռնարկներուն մասնակցելով գոհունակ ըլլալէ անդին անցնիլ, պատրաստ ըլլալ ամէն ձեւով նուիրուելու Հայ դատի պայքարին:

«Ներեցէ՛ք մեզի, ո՛վ նախահայրեր, ներեցէ՛ք մեզի մեր պատիւը բարձր պահած սուրբ մայրեր, որբացած անմեղ մանուկներ, հայրենիքը չտեսած, հայրենիքին համար ձեր թանկագին կեանքերը զոհաբերած սուրբ նահատակներ: Ներեցէ՛ք մեզի Արմենակ, Քեարամ, Եուրի, Վլատիմիր եւ քառօրեայ պատերազմի բոլոր խիզախներ, որ ինկաք, որպէսզի կանգուն մնայ Արցախը, կանգուն մնայ համայն հայութիւնը: Բայց վստահ եղէք, անգամ մը եւս կը խնդրեմ վստահութիւն ցուցաբերէք մեր երիտասարդ սերունդին, որ ուխտած է պայքարիլ բոլոր ճակատներուն վրայ, պայքարիլ թրքական արտադրութեան, մշակոյթի եւ հակահայ քաղաքականութեան դէմ: Պայքարիլ ո՛չ մէկ թիզ հող թուրքին եւ ազրպէյճանցիին զիջելու համար: Պայքարիլ 21-րդ դարուն ընձեռած բոլոր ձեւերով կերտելու հայ ժողովուրդին ամբողջական հայրենիքի` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականը», եզրափակեց  Յարութ Լափաճեան:

Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը տպաւորիչ հնչեղութեամբ կատարեց «Խուժան ազգեր», «Ով որ քաջ է», «Բամբ որոտան», «Գովք Եդեսիոյ» եւ «Կիլիկիոյ» երգերը:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Նախորդը

Խորհրդաւոր Քայլարշաւ Դէպի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան Եւ Հաւաք Յուշակոթողին Շուրջ

Յաջորդը

Խմբագրական. Ապրիլը Այսուհետեւ Ցեղասպանութիւնը Կանխարգիլող Ամիս Է

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?