Friday May 24, 2013

ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ

By adminx - Tue Oct 18, 6:55 am

«ՍալամՆիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական Ֆաթիհ Ճէյլանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին անոնք քննարկած են թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները, ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը, շրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ուժանիւթի ծրագիրներու իրականացման առնչուած հարցեր:

Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը հաղորդած էր, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարներ Կրիկորի Քարասին եւ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու Անգարայի մէջ 14 հոկտեմբերին քննարկած են Կեդրոնական Ասիոյ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement