ՊԸՐՐԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԻՍՏԻՆ
By adminx - Tue Oct 18, 6:40 am
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, հանրօգուտ շինութեանց, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, ազգային պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերու միացեալ նիստին:
Նիստին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, ինչպէս նաեւ տարբեր նախարարութիւններու խորհրդականներ եւ անձնակազմեր, յատկապէս անոնք, որոնք ուղղակիօրէն կը զբաղին լիբանանեան ջուրերուն մէջ վառելանիւթի եւ բնական կազի հանքերու պեղման թղթածրարով:
Նիստէն ետք հանրօգուտ շինութեանց, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսութեան բարգաւաճման համար գումարուած կարեւորագոյն նիստը կը նկատուի յանձնախումբերուն գումարած այդ միացեալ նիստը: Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին համախոհութիւն գոյացած է որոշ կէտերու շուրջ, որոնք հետեւեալներն են.
ա) Մինչեւ ընթացիկ տարուան աւարտը պիտի ամբողջանան կազմակերպական եւ գործադրուելիք քայլերը, ինչպէս նաեւ պիտի նշանակուի վառելանիւթի խորհուրդը, բ) 2012-ի առաջին կիսուն կարելի պիտի ըլլայ պատրաստել այնպիսի թղթածրարներ, որոնք հետաքրքրութիւն ցուցաբերող պեղման ընկերութիւններուն կրնան արտօնագիրներ շնորհել, գ) արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր ամէնէն արագ միջոցին պիտի ուղղուի Կիպրոս, ուր պիտի վերսկսի լիբանանեան-կիպրական սահմանները վերագծելու եւ Լիբանանի պատկանող տնտեսական գօտին ճշդելու առաքելութեան: Այս հանգրուանին բանակցութիւններ պիտի կատարուին նաեւ Սուրիոյ հետ` Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ծովային սահմանները ճշդելու առումով, ինչպէս նաեւ սկիզբը պիտի տրուի պեղումներուն, որոնք պիտի սկսին Քայի ու Թալ Զնունի շրջաններուն մէջ եւ նոյն ձեւով ընթացք պիտի առնեն նաեւ ցամաքային շրջաններուն մէջ:
Իր կարգին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի խորհրդական Սեզար Ապու Խալիլ նշեց, որ նիստին ընթացքին տիրած է դրական մթնոլորտ. ան յայտնեց, որ շինիչ եւ արդիւնաւէտ քննարկումներ կատարուած են քարիւղի եւ բնական կազի պեղման գործնական քայլերուն վերաբերեալ:
Նշենք, որ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերու նիստէն ետք Պըրրի խորհրդարանի իր գրասենեակին մէջ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ:
Կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի հետ: Քննարկուեցան յանձնախումբի աշխատանքին վերաբերող հարցեր:
Պըրրի ընդունեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յանձնախումբի աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները:
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print




