Յայտարարութիւններ (17 հոկտեմբեր 2011)
By adminx - Mon Oct 17, 8:33 am
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ական եւ երկար տարիներու ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի մարզիչ
ՎԱՀԷ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ (ՉԸՐՉԻԼ)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 2011-ին:
————————————————————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարալ Փափազեան եւ դուստրը` Սթեֆանի
Տէր եւ տիկին Կարօ Փափազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մինաս Հանսքեհեան եւ զաւակունք
Տիկին Ալիս Սաղտըճեան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Փափազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արմենակ Փափազեան եւ զաւակունք
Տիկին Ովսաննա Փափազեան եւ զաւակունք
Փափազեան եւ Հանսքեհեան ընտանիքներ
Սաղտըճեան եւ Աճեմեան ընտանիքներ
Չայլեան եւ Ալաճաճեան ընտանիքներ
Պօղոսեան եւ Միքայէլեան ընտանիքներ
Պասմաճեան եւ Կարպուշեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ԼԵՒՈՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1961-ին)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, սրտի կաթուածի հետեւանքով:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 16 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երկուշաբթի, 17 եւ երեքշաբթի, 18 հոկտեմբերին, հանգուցեալին բնակարանը, Տըքուենի Սլաֆ, Ապի Ռաշետ շէնք, 6-րդ յարկ:
————————————————————————————
ՆՇԱՆՈՒԱԾ
ՍԱՐԻՆ ՊԱԼԵԱՆ
ընդ
ԳԷՈՐԳ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
16 հոկտեմբեր, 2011
Պէյրութ
————————————————————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տիար Նազարէթ Տէր Վարդանեան եւ տէր եւ տիկին տոքթ. Աւօ Տագէսեան շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց կնոջ, մօր, զոքանչին եւ հարազատին` ԼՈՒՍԻՆ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆի մահւան սուգին:
————————————————————————————
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2011-ին, Գիւտ Խաչի կիրակին, եկեղեցւոյս անուանակոչութեան տօնն է:
Այն հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին ոչխար նուիրել կամ մասնակցիլ նիւթական նուէրով. թող բարի ըլլան կապ պահել թաղականութեան քարտուղարութեան հետ:
Հեռ. 01-981102/3, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-1:00:
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————
Հայկազեան Համալսարան
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐ ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ` Ի ԴԷՄՍ ԱՊԱԳԱՅ
ԼՈՒՐՋ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ»
Դասախօս` ԴՈԿՏ. ԳՆԵԼ ԴՈՒՐԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 21 հոկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, Քանթարի – Պէյրութ:
————————————————————————————
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական
Կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունք
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ
«Սեռային առողջապահութիւնը իրաւունքն է բոլորին»
Տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Շարքին չորրորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2011-ին
ԿԱՐԳ ՄԸ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԽՏԱԿԱՆ
ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԵՌԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
Դասախօս՝
Տոքթ. Ֆիլիփ Պարաղսեան
Սրտափան
- Հիւրասիրութիւն դասախօսութեան աւարտին:
————————————————————————————
ՀԱՈՒԸՐՏ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ
ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ
Գարակէօզեան հաստատութեան ընկերային կեդրոնը 2011-2012 տարեշրջանին համար հաստատած է հետեւեալ դասընթացքները, որոնց աւարտին հաստատութեան վկայականին կողքին կը տրուի նաեւ ընկերային բարգաւաճման նախարարութեան վկայագիրը` յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին:
ա.- Ընկերային Կեդրոն
Ամէն օր` առաւօտեան ժամը 8:00-1:30
բ.- Սերտարանի ծրագիր
Ամէն օր` ժամը 4:00-էն 6:00
գ.- Լեզուներու դասընթացք
դ.- Շտապ օգնութիւն եւ առողջապահական գիտելիքներ
ե.- Գծագրութիւն
Ամէն շաբաթ օրերը` առաւօտեան ժամը 10:00-12:00
զ.- Կար եւ ձեւագիտութիւն
Ամէն երկուշաբթի, երեքշաբթի, չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը` առաւօտեան ժամը 10:00-էն 1:00
է.- Ճաշի դասընթացք
Ամէն երկուշաբթի` կէսօրուան ժամը 1:00-էն 7:00
ը.- Ուլունքի եւ մաքրամէի գործ
Շաբաթը մէկ օր` առաւօտեան ժամը 10:00-էն 1:00
թ.- Մետաքսի վրայ նկարչութիւն
Շաբաթը մէկ օր` առաւօտեան ժամը 10:00-էն 1:00
ժ.- Վարսայարդարում, շպար, manicure եւ pedicure
Շաբաթը մէկ օր` առաւօտեան ժամը 10:00-էն 1:00
Հաստատութիւնս պատրաստ է բանալու այլ դասարաններ տարբեր մասնագիտութիւններու եւ լեզուներու` ըստ մասնակցողներու փափաքին:
Յաւելեալ մանրամասնութեան եւ արձանագրութեան համար դիմել Գարակէօզեան հաստատութիւն` տիկին Վերժին Հասըրճեանին, հեռաձայնելով 01-258716 թիւին:
————————————————————————————
ԱՇՃԵԱՆ ԹՈՒՐԶ
4 նոյեմբերէն մինչեւ 8 նոյեմբեր բացառիկ շրջա-պտոյտ` դէպի Կիպրոս, Մակարայ վանք (Քեհրինիա) Լառնաքա, Այանափա, Փարալիմնի, Թրոտոս լեռները, Բաֆոս, Նիկոսիա, 3 աստղանի պանդոկ` Լիմասոլի մէջ, նախաճաշ եւ ընթրիք, երկու գիշեր պուզուքի, գին` փոխան 650 եւրոյի միայն 555 եւրօ, վիզաները եւ տուրքերը նուէր` մեր հաստատութեան կողմէ:
Արձանագրութիւն.- Աշճեան թուրզ, հեռ. 00961-1-261177, 01-240654, 03-233978, e-mail: ashjiantours@hotmail.com
————————————————————————————
KODAK ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ
ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻՀետեւեալ մասնագիտութիւնը ունեցող պաշտօնեաներուն.
- Business Administration
- Computer Science
Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 03-556636 թիւին:
————————————————————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Ճորճ Լեհիմճեանի մահուան առիթով Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
Մաժետ Ռէյիս եւ Ռոպեր Ասլանեան 100$, տէր եւ տիկին Անդրանիկ Գազանճեան 50$, տիկին Մարիա Գազանճեան 50$, տէր եւ տիկին Ֆարաժ Ֆրեժ 50$, տէր եւ տիկին Իսամ Ֆրեժ 50$, Շարպէլ Մրատ եւ զաւակունք 50$, Ազար եղբարք ընկերութիւն 50$, օրդ. Էլսա Մկրտիչեան 40$, տէր եւ տիկին Ժորժ Ֆուատ 40$, տէր եւ տիկին Գրիգոր Տէտէեան 20$, տէր եւ տիկին Սահակ Տէտէեան 20$, տէր եւ տիկին Րաֆֆի Հարմանտարեան 20$, օրդ. Վարդուհի Գարատալեան 20$, օրդ. Սեն-թիա Գոնեալեան 20$, օրդ. Ռիթա Թասլաքեան 20$, տէր եւ տիկին Րաֆֆի Տեմիրճեան 20$, տէր եւ տիկին Գօգօ Պապուգեան 20$, տէր եւ տիկին երեսփոխան Ժան Օղասապեան 100,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Աբրահամ Տէտէեան 100,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Պերճ Շիշմանեան 100,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Էլիաս Նըմէյր 100,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Սայիտ Հատտատ 100,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Ժան Սանդուրեան 50,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յակոբ Տէտէեան 50,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Տանի Պարուտ 50,000 լ. ո., Նալպանտեան ընտանիք 50,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Հրայր Աղասարգիսեան 50,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Ժան Մոմճեան 50,000 լ. ո., Ամալ եւ Ուատիհ Ապտել Նուր 50,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Տիգրան Թեճիրեան 50,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Մանուկ Խանճեան 50,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Շաուքի Պու Սալեհ 50,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Սամ Շահպազեան 40,000 լ. ո., Ալաճաճեան ընտանիք 30,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Ժոզեֆ Ժումաա 30,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Նասիֆ Աուն 30,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Կարօ Պէրպէրեան 30,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Նազարէթ Պապուգեան 30,000 լ. ո., Պիլալեան եւ Թաշճեան ընտանիքներ 30,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Պաշիր Պարուտ 25,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Աբօ Գալայճեան 20,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Սահակ Քէշիշեան 20,000 լ. ո., օրիորդներ Մարլեն եւ Անի Մոմճեաններ 20,000 լ. ո., Գարամինասեան ընտանիք 20,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Ռուբէն Գարակէօզեան 20,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Հրաչ Գարակէօզեան 20,000 լ. ո., տէր եւ տիկին Մովսէս Չափարեան 20,000 լ. ո.:
————————————————————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Լուսին Տէր Վարդանեանի մահուան առիթով` տիար Նազարէթ Տէր Վարդանեան եւ տէր եւ տիկին տոքթ. Աւօ Տագէսեան կը կատարեն հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
- «Զարթօնք» օրաթերթին 150,000 լ. ո.
- «Արարատ» օրաթերթին 150,000 լ. ո.
- ՔԱՀԼ-ին 200,000 լ. ո.
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print



