ՌՈՒԲԷՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ. «ԱՅՆՔԱՆ ԱՏԵՆ ՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ԵՄ, ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԱԿՑԻՄ ՄԻԱՅՆ ՎԱՐԴԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՀԵՏ»
By adminx - Mon Oct 17, 6:58 am
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան, նախորդ շաբաթավերջին ունեցած իր պատկերասփռուած հարցազրոյցին ընթացքին, խօսելով հայկական եւ միջազգային ֆութպոլի հետ առնչուող հարցերու մասին, կատարեց հետաքրքրական յայտարարութիւններ:
Ստորեւ այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.
«Այիր – Հայաստան Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին կատարուեցաւ շատ գէշ բան. իրաւարարը պատժեց փայլուն ֆութպոլ ցուցադրող հաւաքական մը: Սակայն ունեցանք անձ մը, որ յաջողեցաւ այս հաւաքականը ոտքի կեցնել: Մենք պէտք է հպարտանանք մեր հաւաքականով եւ ողբերգութիւններու չձեռնարկենք: Փափաքելի չէ, որ այդ խաղին մասին միայն մտածելով ապրինք: Նախքան Այիրի դէմ տեղի ունենալիք մրցումը, կրնայինք ապահովել մեր տոմսը` առանց սպասելու այդ մրցումին: Պէտք չէ ամէն ինչ բեռցնենք իրաւարարին ուսերուն վրայ: Մենք, մեր այս տղոցմով իրաւունք չունինք դուրս գալ աւարտական հանգրուան: Սկսեալ ինձմէ, պէտք է վերլուծենք բոլոր սխալները եւ համախմբուած մօտենանք յաջորդ ընտրական հանգրուանին:
«Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան պիտի շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ, այնքան ատեն որ ես ֆետերասիոնի նախագահ եմ: Յոյսով եմ, որ բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի եւ խմբապետ Սարգիս Յովսէփեան շարունակեն կրել հաւաքականին շապիկը:
«Ինչ կը վերաբերի 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն նախապատրաստական աշխատանքներուն, այդ գծով պիտի սկսինք մտածել 1 յունուար 2012-էն սկսեալ, իսկ բարեկամական մրցումներուն պիտի սկսինք փետրուարէն սկսեալ», ըսաւ Հայրապետեան:
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print




