Tuesday May 21, 2013

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԻՒՂԱՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՍԿԻԶԲ

By adminx - Mon Oct 17, 6:45 am

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւններու ջանքերով, Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին սկսաւ հայ ագարակատէրերու առաջին համաշխարհային «Հայակրոֆորում» համաժողովը` Կ. Դեմիրճեանի մարզահամերգային համալիրին մէջ:

Համաժողովին կը մասնակցէին շուրջ 40 սփիւռքահայ ագարակատէրեր Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Լիբանանէն, Իրանէն, Լեհաստանէն, Լաթվիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն եւ Արցախէն:

Համաժողովին ողջոյնի իր խօսքը յղեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Կարեւոր նկատելով սփիւռքի մասնագէտներու ներկայութիւնը համաժողովին` Հայաստանի նախագահը նշեց, որ ատիկա լաւ կարելիութիւն պիտի ըլլայ քննարկելու ոչ միայն հայաստանեան, այլեւ այս մարզին մէջ գոյութիւն ունեցող շրջանային եւ համաշխարհային խնդիրները, մարտահրաւէրները: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի հարցերը պէտք է քննարկել աւելի լայն ծիրի մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ հասկնալ, թէ Հայաստան ո՛ր ուղղութիւններով պէտք է զարգանայ: Ան նաեւ շնորհաւորեց գիւղատնտեսութեան մարզի աշխատողները 16 հոկտեմբերի մասնագիտական տօնին առիթով: «Ձեր օրն ի բուն ծանր աշխատանքը ոչ միայն պահանջուած, այլեւ գնահատուած է մեր երախտապարտ ժողովուրդին կողմէ», նշուած էր նախագահ Սարգսեանի ուղերձին մէջ:

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ.  կաթողիկոսը եւս իր օրհնութեան խօսքը յղեց համաժողովին:

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նոյնպէս կարեւոր նկատեց համաժողովին կազմակերպումը` զայն նկատելով գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ միջազգային համագործակցութեան զարգացման ուղղուած կարեւորագոյն քայլ: Ըստ անոր, գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ գոյութիւն ունին նկատելի հարցեր եւ նոյնքան նկատելի ձեռքբերումներ:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ

Յակոբեան ողջունեց համաժողովին մասնակիցները եւ շնորհաւորեց զանոնք իրենց տօնին առիթով: Ան բարձր գնահատեց հողի մշակին դերը պետականաշինութեան եւ ազգապահպանման գործին մէջ:

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement