Friday May 24, 2013

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՐԱԹՈՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. ԱՐԱԲ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՑԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ ՎԱԶԵՑԻՆ` ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ 2011-Ի ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՐԱԹՈՆԻՆ

By adminx - Fri Oct 14, 7:04 am

Ինչպէս ծանօթ է, 27 նոյեմբեր 2011-ին տեղի պիտի ունենայ 2011-ի Պէյրութի Միջազգային մարաթոնը` «Իջէ՛ք փողոց եւ վազեցէ՛ք» խորագիրին տակ:

Պատրաստուելու համար այս մարաթոնին, արաբ եւ եւրոպացի դեսպաններ` ընդառաջելով Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբին, Մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցած 2-րդ վազքի փորձ-մրցումին մասնակցելով այսպիսով պատրաստուած եղան այս տարուան Մարաթոնին:

Եկած էին Եգիպտոսի, Սպանիոյ, Դանիոյ, Ռումանիոյ, Կիպրոսի եւ Չեխիոյ դեսպանները:

Իսկ Լիպիոյ եւ Անգլիոյ դեսպանները քաղաքական պատճառներով իրարու հետ տարակարծութիւններ ունենալու պատճառով չմասնակցեցան այդ փորձ-մրցումին:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement