«ԱՐԵՒՈՐԴԻ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՄԵԿՆԱՐԿ
By adminx - Fri Oct 14, 6:28 am
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` 13 հոկտեմբերին «Վիվասէլ-Էմ.թի.էս»ն ու Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը յայտարարեցին Հարաւային Կովկասի մէջ միակ բնապահպանման փառատօնին` «Արեւորդի»ի մեկնարկը: Այս երկու կառոյցներու միջեւ համագործակցութեամբ եւ աջակցութեամբ կ՛իրականանայ այս ծրագիրը, որ այս անգամ կը գործէ «Քու հետքդ գտիր բնութեան մէջ» խորագիրով եւ նուիրուած է վայրի բնութեան պահպանման:
«Վիվասէլ-Էմ.թի.էս»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան մեծապէս ողջունեց այս ծրագիրը եւ կարեւոր նկատեց զայն` բնապահպանման խնդիրներու գծով ժողովուրդին մօտեցումը փոխելու եւ բնութիւնը պահելու առնչութեամբ զանոնք քաջալերելու իմաստով: «Մեր ընկերութիւնը ուրախութեամբ կ՛աջակցի այս նախաձեռնութեան իրականացման եւ Վայրի բնութեան ու մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին հետ կոչ կ՛ուղղէ` աւելի պատասխանատու եւ հոգատար ըլլալու բնութեան հանդէպ, գնահատելու այն հարստութիւնը, որ մեզի պարգեւուած է եւ դադրիլ անխնայ կերպով բնութեան աղբիւրները օգտագործելէ եւ սպառելէ: Ի վերջոյ, մեր զաւակները պիտի ապրին այս միջավայրին մէջ, որուն ստեղծման իմաստով այսօր մենք մեծ դերակատարութիւն ունինք», նշեց Եիրիկեան:
«Արեւորդի» միջազգային բնապահպանման փառատօնը արդէն երրորդ անգամ ըլլալով կը կայանայ եւ անիկա Հայաստանը կը վերածէ բնապահպանման հարցերուն շուրջ լուրջ բանավէճեր ծաւալող միջազգային հարթակի: Անոր ընթացքին ոչ միայն կը ներկայացուին բնապահպանման վերաբերող ժապաւէններ` աշխարհի շուրջ 30 երկիրներուն լաւագոյնները, այլ նաեւ կը կազմակերպուին համապատասխան աշխատանքներ, նախաձեռնութիւններ, սեմինարներ եւ այլն:
«Արեւորդի» փառատօնը կը սկսի աւանդական դարձած անասուններու դիմակահանդէս-շքերթով: Աւելի քան 500 մասնակիցներ, որոնցմէ շատեր պատանիներ, անասուններ պատկերող գունագեղ զգեստներով այսօր` 14 հոկտեմբերին Երեւանի եւ մարզերու տարբեր կրթական հաստատութիւններէն կ՛ուղղուին Ազատութեան հրապարակ, հոնկէ` Հիւսիսային պողոտայով կը հասնին Հանրապետութեան հրապարակ: Ապա մասնակիցները Նալպանտեան փողոցով կը բարձրանան ու կը համախմբուին Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ, ուր տեղի կ՛ունենայ բացօթեայ համերգ:
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print



