Ընտրական հարցին գծով տրամադրութիւնները եւ կեցուածքները հետզհետէ կը յստականան` օր ըստ օրէ առնչակից կողմերու ցուցաբերած մօտեցումներու եւ ընտրական նախագիծերու լոյսին տակ:
Այս գծով լրատուական կարգ մը աղբիւրներ անդրադարձան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ժոմպլաթի պատրաստած ընտրական օրէնքի մէկ նախագիծին, զոր ան պիտի առաջարկէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, երբ վերջինը Թեհրանէն վերադառնայ: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Ժոմպլաթի առաջարկը հիմնականին մէջ կը վերաբերի Շուֆի եւ մերձակայքի ընտրական պատկերին:
Իսկ ընտրական խորհուրդներու գործուղման հրաւէրին գծով, լաւատեղեակ աղբիւրներ կը հաւաստեն, որ նախագահ Աուն տակաւին մինչեւ մարտ ամսուան կէսը ժամանակ ունի ստորագրելու նշեալ շրջաբերականը, եւ որ ան վճռած է առայժմ չստորագրել զայն` սպասելով, որ կողմերը ընտրական նոր օրէնքի գծով համախոհութեան յանգին:
Կարգ մը աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ընտրական օրէնքի նախագիծը արծարծուի իբրեւ որդեգրելի լուծում:
Ընտրական օրէնքի այլազան տարբերակներու գծով տարակարծիք կողմեր կը շարունակեն իրենց քուլիսային կապերը` հասարակաց ընդունելի տարազի մը յանգելու առաջադրանքով:
Այս ծիրին մէջ նախագահ Աուն ընդունեց առնչակից կարգ մը ղեկավարներ, ինչպէս` ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որ նախագահին հետ այլ հարցերու կողքին խորհրդակցեցաւ նաեւ պիտճէի եւ ընտրական օրէնքի հիմնահարցերուն շուրջ: