Saturday May 25, 2013

«ԲԱԳԻՆ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆ ՄԷՋ. «ՀԱՅՈՒՆ ԳՈՅԱՊԱՅՔԱՐԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ» ԳԻՐՔԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

By adminx - Thu Oct 13, 6:18 am

Ընթերցման հանդիպումէն պահ մը

Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, երէկ` չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում` Հրայր Ճեպեճեանի «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհը» գիրքին:

Գիրքին ու անոր ներկայացուցած արժէքին մասին խօսեցաւ Սեդա Գրիգորեան, որ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհը» հատորին մէջ տեղ գտած պատմութիւնները կը դրսեւորեն Հրայր Ճեպեճեան մարդուն էութիւնը կազմող, ինքնութիւնը ձեւաւորող առանցքայլին երեք գործօններ` հայկականութիւն, լիբանանցիութիւն եւ աւետարանչականութիւն, որոնց շուրջ կը դառնան բոլոր գրութիւնները: «Երեք էութիւններ, որոնք Հրայր Ճեպեճեան մարդուն մէջ այնպէս շաղկապուած են իրարու, որ կազմած են մէկ ամբողջութիւն` սփիւռքածին հայ մարդը, այլեւ իրերն ու իրադարձութիւնները դիտող աչքին, զգացող սրտին, մտածող մտքին կողքին ու հետ` հարցադրողը, անդադրում պրպտողը, արդարութիւն որոնողը, ուսման ու կրթութեան ճամբով կեանքի յառաջխաղացքին հաւատացողը, քրիստոնէական սկզբունքները յաւիտենական ճշմարտութիւն դաւանողը, հինը իբրեւ արժէք պահելով հանդերձ, անոր կողքն ի վեր նորը ստեղծելու մարտահրաւէրին դիմաց կանգնած անվհատը, հայասէրը, ազգասէրը, լիբանանասէրը եւ վերջապէս` պահանջատէրը…», հաստատեց Ս. Գրիգորեան: Գիրքին մէջ տեղ գտած գրութիւններէն յատկանշական մէջբերումներ, նիւթերու, հերոսներու եւ վայրերու համադրուած յիշատակում կատարելով` ան հատորին ընդհանուր ամփոփումն ու պատկերը փոխանցեց:

Սեդա Գրիգորեան իր խօսքի եզրափակիչ բաժինով յատուկ կերպով շեշտը դրաւ ճեպեճեանական գոյապայքարին վրայ. «Գոյատեւել իբրեւ հայ` աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ ըլլայ ան, այլեւ Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք` գոյատեւել տուեալ երկրի քաղաքացի իբրեւ, սփիւռքի սերունդներուն պարտադրուած երկու ինքնութիւններու հաւասարազօր պահպանման եւ զարգացման ի խնդիր, բայց նաեւ գոյատեւել յանուն քրիստոնէական արժէքներու պահպանման եւ յանուն արդարութեան հաստատման, այլեւ պահանջատէրի ամպիոնէն ու ճակատաբաց բարձրացնելով ցեղասպան թուրքէն մարդկային, հողային ու մշակութային կորուստի հատուցման գիտակցուած ու արդար կանչ»:

Իր խօսքը աւարտելով` Ս. Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ Հրայր Ճեպեճեանի ստորագրած գրութիւններուն մէջ պէտք է փնտռել եւ գտնել այն եռանկիւնը, որով կ՛ամբողջանայ անոր հայուն, լիբանանցիին եւ քրիստոնեային բաբախուն էութիւնը եւ հայուն գոյապայքարի ճեպեճեանական ճանապարհը:

Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց գիրքին հեղինակը, որ նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց նման նախաձեռնութեան մը կազմակերպման համար, նաեւ` Սեդա Գրիգորեանի ներկայացում-վերլուծականին համար, որուն ընդմէջէն «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհը» այդքան ամբողջական եւ բծախնդրութեամբ հրամցուեցաւ: Հրայր Ճեպեճեան շնորհակալական յատուկ խօսք ուղղեց նաեւ «Ազդակ»ին` իր գրական ուղիին վրայ ունեցած քաջալերական մօտեցումին եւ գործնական նեցուկին համար: Հեղինակը անգամ մը եւս շեշտեց ամբողջական մշակոյթի կարեւորութիւնը` յատուկ կերպով անդրադառնալով այն երեւոյթին, որ այս եզրին մէջ ազգային մշակոյթն ու քրիստոնէական հաւատքը անբաժանելի են եւ միմիանց կ՛ամբողջացնեն: Այս մօտեցումէն մեկնելով է, որ գիրքն ու անոր մէջ տեղ գտած մտորումները, յուշերը, ապրումները, պատգամները արձանագրուած են: Հրայր Ճեպեճեան նաեւ խօսեցաւ հայու ինքնութեան մէջ փորագրուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան մասին, որոնք ոեւէ հայու արեան հետ շրջան կ՛ընեն: Անոր համաձայն, ինք այս աւանդն ու պատգամը մնայուն կերպով կը փորձէ փոխանցել իր զաւակներուն, իսկ այս գիրքին ճամբով` հանրութեան:

Աւարտին ընթերցումներ կատարուեցան «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհը» գիրքէն: Յատկանշական էր, որ ընթերցուած կտորներէն մէկը հեղինակին անդրանիկ գրութիւններէն մէկն էր, որուն ընդմէջէն յստակ կերպով կ՛արտացոլային անոր պատանեկան ալեկոծումները, կեանքի ու մահուան հետ դէմ յանդիման կանգնելու Հրայր Ճեպեճեանի մտորումներն ու փոթորկումները, որոնց ընդմէջէն անցնելով ան կերտեց ինքզինք եւ հեղինակը դարձաւ «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհը» գիրքին:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement