ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԿՐՕՆԻՆ ՈՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ» ՆԻՒԹՈՎ
By adminx - Thu Oct 13, 6:17 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Քրիստոնէական կրօնին ու հայ եկեղեցւոյ դաստիարակութիւնը եւ բարոյական հարցեր» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր Գրիգոր Ծ. վրդ. ՉիՖթճեան:
Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին կողմէ արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ դասախօսութեան նիւթը: Մկրեան շեշտեց յաճախ Աստուածաշունչ կարդալու անհրաժեշտութիւնը եւ հոգեւոր դաստիարակութեան կարեւորութիւնը` առաջնորդելու դէպի եկեղեցի, որպէսզի մանուկը սուրբ գրային յորդորներն ու օրէնքները խորապէս ընկալէ, իւրացնէ եւ քրիստոնէական դաստիարակութենէ չշեղի:
Հայր սուրբը դասախօսութիւնը սկսաւ ներկայացնելով Աստուծոյ կողմէ մարդ էակին տրուած պարգեւը, որ իր մարմինն է: Գոյութենական առումով հոգեղէն` աննիւթական պարգեւը` մարդկային մեր հոգին, իսկապէս ալ ստացուած հարստութիւն է, որուն գիտակցութիւնը յաճախ չունին մարդիկ:
Մարդիկ յաճախ այս գերազանց հոգեւոր գոյութենէն աւելի կարեւոր կը նկատեն իրենց մարմինը: Ասիկա, հակառակ սխալ թուելուն ընդունելի՛ իրողութիւն է: Այսինքն` ճիշդը այն է, որ մարդ պէտք է աւելի խնամք տանի իր հոգիին:
Իրենց մարմնական հաճոյքներուն գերին դարձած մարդիկ ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ գոյութիւնը կը ժխտեն, որովհետեւ մարմինին նկատմամբ անփութութիւնը, որ զեղխ կեանքի կ՛առաջնորդէ զիրենք, մեծագոյն անարգանքն է Աստուծոյ ուղղուած:
Յաջորդ բաժինով հայր Գրիգոր ներկայացուց քրիստոնէական կրօնին ուսուցած բարոյագիտութիւնը եւ անոր օրէնքները, որոնք փոխյարաբերութեան մասին հաստատուած գլխաւոր երեք կանոններու ամբողջութիւնն են: Առաջինները եթէ Աստուծոյ հետ կապի կանոններն են, իսկ երկրորդները եթէ մարդոց հետ վարուեցողութեան կերպերն են, ապա երրորդները ինքն իրեն հետ` իր մարմինին հետ վարուելու բացարձակ օրէնքներն են, որոնց խախտումէն առաջ կու գան ամէն տեսակ չարիք, որոնք կ՛առաջնորդեն մեղքի, եւ որուն վարձքը մահ է:
Հայր սուրբը սահմանեց «մեղք» բառը, որ ընդհանուր կոչումն է մարդուն կողմէ տրուած, այն տարիքներուն, որոնք կը փճացնեն մարմինը եւ հոգին: Ոմանք մեղքը կը սահմանեն յարաբերաբար իրենց կեանքի սովորութիւններուն: Այսպէս, մէկուն համար սովորական դարձած սեռային յարաբերութիւնը առանց ամուսնական միաւորման մասնաւոր մեղք չի թուիր, մինչ աւելի պահպանողականին համար ատիկա մեղք է:
Բարոյական անարատութեան հիմնական խնդիրներէն է նախամուսնական սեռային յարաբերութիւնը:
Հայր Գրիգոր շարունակելով դասախօսութիւնը յիշեց ամլութեան խնդիրը կիներուն մօտ: Անցեալին եկեղեցական պայմանները բաւական խիստ էին, բայց ներկայիս աւելի ներողամիտ ու փափկանկատ է:
Անցեալին ժողովուրդը, եկեղեցական իշխանութեան չափ ու թերեւս աւելի, վերահսկիչ «մարմին»ն էր բարոյական օրէնքներուն: Այսօր ժողովուրդին այդ հեղինակութիւնն ալ նուազած է, եւ հասած մինչեւ բամբասանքի աստիճանին:
Բարոյական կեանքի փոխյարաբերութեան կանոններուն երրորդը կը վերաբերի մարդկային մարմինին, մարդու յարաբերութիւնը ինք իր մարմինին հետ:
Մարդը հոգիով ու մարմինով ոգեղէն գոյութիւն է, ուստի այդ «նուէր»ին հետ իրաւունք չունի վարուելու այնպէս, ինչպէս կը համարձակի վարուիլ այլ նիւթեղէն նուէրներու հետ:
Շարունակելով վերոյիշեալ նիւթը` հայր Գրիգոր մէջբերում մը կատարեց Ա. Կր. 6.12-գիրքէն, թէ «Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի, բայց ամէն ինչ օգտակար չէ»:
Յաջորդ բաժինին մէջ հայր սուրբը խօսեցաւ ամուսնութեան մասին` իբրեւ կեանքի բնական ընթացք, եւ այս նիւթին շուրջ ներկայացուց քանի մը մտածումներ:
Ամուսնութեան հիմը սեռային զգացումն է: Սխալ է այն մօտեցումը, թէ սեռային զգացումը չար է: Սեռային զգացումը տգեղ չէ, այլ գեղեցիկ եւ սուրբ: Ամուսնութիւնը սեռային դաստիարակութիւն է` մարդու փորձառութեամբ իր բիւրեղութեան հասած: Շեշտելով սիրոյ անհրաժեշտութիւնը ամուսնական կեանքին մէջ` սիրոյ չգոյութիւնը կ՛առաջնորդէ ապերջանկութեան:
Սէրը յաւերժ պահելու փորձուած ձեւն է ամուսնանալ եւ զաւակներ ունենալը: Սխալ է որոշ մարդոց այն տեսակէտը, թէ ամուսնութիւնը գերեզմանն է սիրոյ»:
Խօսելով ամուսնական սիրոյ մասին` հայր սուրբը ըսաւ, որ երբ բառին ամբողջական իմաստով կը սիրենք, կը նշանակէ, որ հաւատարիմ եւ անկեղծ ենք: Սէրը կ՛աճի մարդուն հետ եւ յիսուն տարիներ ետք կրնայ դառնալ այնքան քաղցր, այնքան հաստատուն, որքան եղած էր հանդիպումի առաջին օրերուն…
Մարդկային կեանքի փոխյարաբերութեան մէջ, մնայուն երջանկութիւնը հիմնուած պէտք է ըլլայ հաւասարութեան սկզբունքին վրայ:
Դասախօսութեան վերջին բաժինով հայր Գրիգոր թուեց պատուիրաններու շարք մը` ուղղուած կիներուն եւ այրերուն` ունենալու յաջող եւ ներդաշնակ ամուսնական կեանք:
Դասախօսութեան աւարտին հայր սուրբը օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print




