Sunday May 19, 2013

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԸ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

By adminx - Wed Oct 12, 6:22 am

Սիւնհոդոսի բացման նիստէն պահ մը

Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու տարեկան համագումար-սիւնհոդոսը ընթացք առաւ երէկ` երեքշաբթի, 11 հոկտեմբերի առաւօտուն, Զմմառու վանքին մէջ, ներկայութեամբ հայկական զանազան գաղթօճախներէ ժամանած հայ կաթողիկէ առաջնորդներու:

Հիմնականին մէջ միջգաղութային կրօնական-եկեղեցական հարցերու եւ հայ կաթողիկէ համայնքի իրավիճակի քննութեան յատկացուած այս սիւնհոդոսը պիտի տեւէ մինչեւ 21 հոկտեմբեր:

Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք բացումը կատարելով սիւնհոդոսին ողջունեց ներկաները` բարեյաջող ընթացք մաղթելով եպիսկոպոսներու քննարկումներուն:

Նշենք, որ Պէյրութէն դէպի հիւսիս-արեւելք 36 քմ հեռաւորութեան վրայ բազմած Զմմառու մայրավանքը կառուցուած է 1749-ին:

Քեսրուանի գաւառի սիրտին մէջ գտնուող այս հոգեւոր կեդրոնին մէջ կը հանգչին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ 6 պատրիարքներու աճիւնները:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement