Tuesday Jun 18, 2013

ՊԻԿ ՊԵՆ ՄԵԾ ԱՐԱԳՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԹԵՔԻ

By adminx - Tue Oct 11, 6:28 am

Պիկ Պեն ժամացոյցը

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ճարտարապետական կառոյցը ուսումնասիրող ճարտարապետներ այն եզրակացութեան հասած են, որ Բրիտանիոյ ամէնէն յայտնի խորհրդանիշներէն մէկը` Պիկ Պեն ժամացոյցը աւելի մեծ արագութեամբ կը թեքի, քան մինչեւ օրս կը կարծուէր:

Պիկ Պենի փլուզման արագութիւնը, որ երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուն մնացած է, վերջին տարիներուն մեծցած է: Ներկայիս Պիկ Պենի գագաթը ուղղահայեացի նկատմամբ ունի շուրջ կէս մեթր թեքուածութիւն:

Ըստ գիտնականներուն, այսպիսի արագութեան պարագային Պիկ Պենի թեքուածութեան աստիճանը չորս հազար տարի ետք պիտի հասնի Իտալիոյ Փիզայի աշտարակի թեքուածութեան աստիճանին:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement