Wednesday Jun 19, 2013

ԱՆԳԱՐԱ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՍԱՐՔՈԶԻՆ

By adminx - Sat Oct 08, 7:03 am

Էկեմեն Պաղըշ

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցերով գլխաւոր բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ` անդրադառնալով Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կատարած յայտարարութիւններուն, յայտնած է, որ Սարքոզի պէտք չէ հանդէս գայ իբրեւ պատմաբան:

«Ե՛ւ Եւրոպայի, ե՛ւ Ֆրանսայի, ե՛ւ աշխարհի համար աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ Սարքոզի մտածէ Եւրոպական Միութեան ապագային, իր երկիրը տնտեսական ծանր վիճակէն փրկելու մասին եւ ոչ թէ հանդէս գայ իբրեւ պատմաբան», ըսած է Պաղըշ` նշելով, որ Սարքոզիի յայտարարութիւնը ընտրութիւններու նախաշեմին շահարկումներով զբաղելու փորձ է:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement