ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
ԼՕ Խաչը իր ժրաջան գործունէութեամբ արուեստի դպրոցի կը վերածուի, ուր երիտասարդն ու տարեցը իրենց թաքուն պահուած ձիրքերը կը դրսեւորեն քարոզչական, կազմակերպչական կամ ընկերային եւ այլ գետիններու վրայ. հոն ամէն մարդ կը ձգտի իր լաւագոյնը տալ եւ երեւակայութեան զարկ կու տայ:
ԼՕԽ-ը իր նպատակներուն հասնելու ծիրին մէջ կը խանդավառէ ու ոտքի կը հանէ բոլորը, կամաւոր շարքերը, ծառայելու սիրոյն, աշխատանքի կը լծուին:
Ակնահաճոյ, ներկայանալի օրացոյց մը եւս այս տարի, յաջող նախաձեռնութիւն մը` արուեստագէտ կիներու փաղանգի մը որ նուիրուած է հայ կիներու` բարձրացնելով հայը եւ կիները: Այս ձեւով, դաստիարակիչին կողքին, ամէն ամիս տան մէջ նոր գեղանկարիչ մը ունենալու պատրանքը կ՛ունենանք եւ կը ծանօթանանք 12 կիներու լայնածաւալ գործունէութեան:
Վարձքը կատար բոլոր աշխատակիցներուն ու բարի, խաղաղ տարուան մը մաղթանքով`