Wednesday Jun 19, 2013

«ՏԵՐ ՇՓԻԿԸԼ» ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ

By adminx - Sat Oct 08, 6:25 am

Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» ամսագիրը` անդրադառնալով թրքական իշխանութիւններուն կողմէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ կատարուող գործողութիւններուն, կը գրէ, որ չի բացառուիր, որ Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմ սկսի:

«ՔԱԿ-ի եւ թրքական ուժերու միջեւ բախումները օրէ օր աւելի կը սաստկանան: Ամէն օր զոհեր կան: Ապագան վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ձեռքն է: Ան պիտի որոշէ` խնդիրը դիւանագիտական ճամբո՞վ պիտի լուծուի, թէ՞ զինուորական», կը գրէ «Տեր Շփիկըլ»:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement