Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. Մեծարանքի Երեկոյ` Նուիրուած Բազմավաստակ Լիբանանահայ Դերասաններ Մարի Ռոզ Մանուկեանին Եւ Մանուէլ Մարգարեանին (Մանուէլիկ)

Դեկտեմբեր 14, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

medzarank2_121316

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին կազմակերպութեամբ երէկ` երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն` նուիրուած վաստակաշատ դերասաններ Մանուէլ Մարգարեանին (Մանուէլիկ) եւ Մարի Ռոզ Մանուկեանին:

medzarank4_121316Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Նարէ Գալեմքերեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն այն բեմին վրայ, ուր տարիներ շարունակ Մանուէլ Մարգարեան (Մանուէլիկ) եւ Մարի Ռոզ Մանուկեան ներդրում ունեցած են լիբանանահայ թատրոնի զարգացման:

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Մարտիկ Տեմիրճեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ լիբանանահայ թատերական գործունէութեան, որ տակաւին կը շարունակուի, ինչպէս նաեւ նշեց թատերական կեանքի դժուարութիւնները, որոնք ոչ մէկ օր արգելք հանդիսացած են նուիրեալ դերասաններու, որպէսզի իրենց լաւագոյնը դրսեւորած հանդէս գան թատերասէր հասարակութեան: Ան նշեց, որ դերասաններու յաւելեալ ճիգի արտայայտութիւնը իրենց մէջ յաւելեալ արժէք կը ստանայ, որովհետեւ անոնց կատարած աշխատանքը ասպարէզային չէ, մասնագիտական չէ, հետեւաբար լիբանանահայ դերասանները ալ աւելիով կ՛արժեւորուին:

medzarank3_121316Մարտիկ Տեմիրճեան ըսաւ, թէ մօտէն ճանչնալով Մարի Ռոզն եւ Մանուէլը, ապրած ու վայելած է անոնց ազնուութիւնն ու համեստութիւնը: Անոնց հետ բոլոր գործակցողները վկայած են անտրտունջ ու սիրայօժար աշխատելու յատկութեան մասին, որով կը յատկանշուին մեծարեալներ: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք գործակցեցան եւ առնչակից եղան մեծարանքի երեկոյի յաջողութեան:

Ելոյթ ունեցաւ Զաւէն Պաաքլինի: Ան ըսաւ, որ Մարի Ռոզ Մանուկեան կը պատկանի այն հերոսներուն, որոնք իրենց ճիգով հետք կը ձգեն սփիւռքի պահպանման եւ հայ մշակոյթի տարածման աշխատանքին մէջ` շնորհիւ իրենց տաղանդին: Մարի Ռոզ Մանուկեան յաջողած է լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ իր ուրոյն տեղը ունենալ: Ան առիթը չէ ունեցած թատերական մասնագիտական ուսում ստանալու, բայց բախտը ունեցած է իբրեւ իր գլխաւոր ուսուցիչը ունենալու բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը, որուն կը պարտի իր թատերական կեանքը:

Զաւէն Պաաքլինի նշեց, որ Մարի Ռոզ յաջող դերակատարութեամբ ինքզինք փաստած է իբրեւ դերասան, ապա դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կեանքի դժուարութիւնները չէին կրցած կասեցնել կամ դանդաղեցնել Մարի Ռոզի մասնակցութիւնը թատերական հեւքոտ հետապնդումներուն, ներկայացումներուն եւ փորձերուն, որովհետեւ ան վճռական էր իր դերերուն մէջ եւ կատարելապէս կը մարմնաւորէր ամէն դեր:

Զ. Պաաքլինի խօսքի աւարտին ըսաւ. «Ուրախ եմ այս բեմէն ներկայացնելու լիբանանահայ գաղութի հայ մշակութային կեանքին մէջ ներդրում ունեցող անհատ մը եւ մեծարանքի արժանի արուեստագիտուհի մը»:

Ցուցադրուեցան տեսերիզներ, որոնք կը ներկայացնէին երկու մեծարեալ դերասաններուն` Մանուէլի եւ Մարի Ռոզի թատերական գործունէութենէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ վկայութիւններ անոնց թատերական կեանքին ու վաստակին մասին:

Ելոյթ ունեցաւ Վարդան Մկրտիչեան: Ան ներկայացուց Մանուէլ Մարգարեանի թատերական յատկանիշները, անոր նուիրումը եւ մեծ սէրը թատերական կեանքին նկատմամբ: Ան խօսեցաւ նաեւ այն խոր յարգանքին մասին, որ տածած է Մանուէլ Մարգարեան իր մարմնաւորած կերպարներուն ընդմէջէն: Վարդան Մկրտիչեան մէջբերեց նաեւ թատերական կեանքէն հաճելի դէպքեր, անմոռանալի պահեր, որոնք ապրած է բեմին վրայ Մանուէլ Մարգարեանին հետ:

medzarank1_121316

Ձեռնարկի աւարտին Պետիկ Ծառուկեան եւ Մարտիկ Տեմիրճեան յուշանուէրներով մեծարեցին Մանուէլ Մարգարեանը (Մանուէլիկ) եւ Մարի Ռոզ Մանուկեանը, նոյն ատեն  հանգուցեալ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանի այրին` Անժել Խտըշեան ծաղկեփունջերով շնորհաւորեց մեծարեալ դերասանները:

 

 

Նախորդը

Հալէպ Քաղաքի Ազատագրումով Վերջ Գտաւ Մեր Բոլորին Ապահովական Մղձաւանջը

Յաջորդը

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մշակութային Կեդրոն

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Եւ Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարին Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Եւ Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարին Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յուլիս 19, 2025
Աուն Եւ Պըրրի Քննարկեցին Երկրի  Կացութիւնն Ու Շրջանային Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Պըրրի Քննարկեցին Երկրի Կացութիւնն Ու Շրջանային Զարգացումները

Յուլիս 19, 2025
Պելճիքայի Դաշնակցային Խորհրդարանը  Արցախի Մասին Բանաձեւ Մը Որդեգրելով  Դատապարտեց Ազրպէյճանը
Գլխաւոր լուրեր

Պելճիքայի Դաշնակցային Խորհրդարանը Արցախի Մասին Բանաձեւ Մը Որդեգրելով Դատապարտեց Ազրպէյճանը

Յուլիս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?