Thursday May 23, 2013

ՄԱՐՏ 14-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

By adminx - Thu Oct 06, 6:51 am

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ, երեսփոխաններ Պութրոս Հարպ եւ Ժամալ Ժարրահ, ինչպէս նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քատուղարութիւնը խստիւ դատապարտեցին սուրիական բանակին պատկանող երկու հրասայլերու հիւսիսային Լիբանան մուտքը եւ Արսալի մէջ կատարուած զինուորական գործողութիւնները:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ղեկավարները այդ արարքը նկատեցին դէպի Լիբանան ներթափանցում եւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն:

Նոյն ուժերը պահանջեցին, որ կառավարութիւնը Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ալիէն բացատրութիւն պահանջէ այդ հարցին առնչութեամբ:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement