Thursday Jun 20, 2013

«ԹՈՂ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀՆ ՈՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԻՐԵՆՑ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԳՈՒՄԱՐՆԵՐՈՎ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐԵՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԸ» ԸՍԱՒ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

By adminx - Wed Oct 05, 6:50 am

Համախմբումի նիստին ընթացքին

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն  երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:

Զօր. Աուն նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զարմանք յայտնեց, որ ուժանիւթի վերաբերող հարցերուն լուծումները կը խոչընդոտուին նոյնինքն ուժանիւթի հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին կողմէ, որուն կը նախագահէ երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ ինք այս իրականութիւնը կը նկատէ կարգ մը պատասխանատուներու կողմէ անգիտակից մօտեցում:

Զօր. Աուն` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Անդրադառնալով Լիբանանի Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումին` զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք պատրաստ չէ ապօրինի եւ ոչ սահմանադրական կերպով ֆինանսաւորում կատարելու:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իրենց անձնական գումարներէն թող ֆինանսաւորեն Միջազգային դատական ատեանը:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան` զօր. Աուն ըսաւ, որ Սուրիոյ կացութիւնը հետզհետէ պիտի կայունանայ, որովհետեւ արդէն իսկ համեմատաբար աւելի հանդարտ է կացութիւնը: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ վարչակարգը փոփոխութեան պիտի չենթարկուի, իսկ բարեկարգումները պիտի գործադրուին:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement