ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԻՇԽՈՂ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՅԱՆՈՒՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԿՈՒ ՏԱՅ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ԾՈՒՂԱԿԸ ՉԻՅՆԱԼ
By adminx - Wed Oct 05, 6:38 am
- 0 Comments
- 38 views
- Tweet
Email
Print
Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի գլխաւորած Միութիւն յանուն ժողովրդային շարժման կուսակցութիւնը Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ֆրանսուա Հոլանտի` Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ծերակոյտի օրակարգ բերելու վերաբերեալ խոստումներուն առնչութեամբ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ խիստ քննադատութեան ենթարկած է ընկերվարականները` զանոնք մեղադրելով երկդիմութեան մէջ:
Յիշեցնելով, թէ նախորդ քուէարկութեան ընթացքին ծերակոյտին մէջ ընկերվարականները օրինագիծին դէմ քուէարկած էին իշխող կուսակցութեան երեսփոխանները յայտարարած են. «Մինչեւ հիմա միայն քանի մը ընկերվարականներ համարձակութիւն ունեցած են ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հիմա ընկերվարականները կը պահանջեն օրակարգ բերել այդ փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, եւ ատիկա այն պարագային, երբ անոնց մեծամասնութիւնը կ՛ուզէ Թուրքիան Եւրոպական Միութեան անդամ դարձնել: Ընկերվարականներուն կողմէ այդ օրինագիծը օրակարգ բերելու մասին յայտարարութիւնը պարզապէս ամբոխավարութիւն է»:
Ֆրանսայի իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչները միեւնոյն ժամանակ ֆրանսահայերուն կոչ ուղղած են` ընկերվարականներուն լարած թակարդը չիյնալու:
- 0 Comments
- 38 views
- Tweet
Email
Print




