ԼԱՐԻՃԱՆԻ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ԵՒ ՇՐՋԱՆԻ ԿԱՐԳ ՄԸ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ
By adminx - Tue Oct 04, 6:30 am
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մահմուտ Ապրաշի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ «Սուրիոյ դէմ Արեւմուտքի թշնամանքին գլխաւոր պատճառը Իսրայէլի դէմ պայքարին մէջ անոր առաջին ճակատին վրայ գտնուիլն է եւ պաղեստինցի ժողովուրդի ինթիֆատային զօրավիգ կանգնիլը»: Ան ողջունեց պաղեստինցի ժողովուրդին եւ անոր օրինական իրաւունքներուն զօրակցող Սուրիոյ կեցուածքները:
Լարիճանի քննադատեց Սուրիոյ ներքին հարցերուն Արեւմուտքին եւ շրջանի կարգ մը երկիրներուն միջամտութիւնը` յայտնելով, որ «այդ երկիրներուն սուրիական ներքին հարցերուն միջամտութիւնը Սուրիոյ մէջ կացութիւնը աւելի կը բարդացնէ»` աւելցնելով, որ «այդ միջամտութիւնը անընդունելի է»:
Լարիճանի ժողովրդավարութեան մասին խօսող, սակայն անկէ զուրկ եղող երկիրներուն կոչ ուղղեց այլոց ներքին հարցերուն միջամտելու փոխարէն իրենց ներքին կացութիւնը բարեկարգելու: Ան յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի առաջադրած բարեկարգումները գործադրուին, իսկ Սուրիոյ հարցերը լուծուին շինիչ երկխօսութեան ճամբով:
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print




