20 հոկտեմբերին սկսաւ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը, որ 20-22 հոկտեմբերին կը գումարուի Երեւանի, իսկ 23-24 հոկտեմբերին` Ստեփանակերտի մէջ: Անիկա նուիրուած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին:
Համաժողովը կազմակերպած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը` Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի եւ Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան հետ համագործակցաբար:
Համաժողովին «Ազդակ»-ը կը ներկայացնէ խմբագրական կազմի անդամ Տօնիկ Տօնապետեան, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ «Ազդակ»-ի թղթակիցներէն Սիլվա Գարավարդանեան եւ Երեւանի լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեան:
Լիբանանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Աւետիս Կիտանեան` «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն, Սեւակ Յակոբեան` «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր, Անի Թորանեան` «Արարատ»-ի թղթակից, Համբիկ Մարտիրոսեան` «Խօսնակ»-ի գլխաւոր խմբագիր, Ժիրայր Դանիէլեան` «Կամար»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ Ահարոն Շխրտըմեան` ՀԵԸ-ի մամլոյ բաժինի պատասխանատու։
Համաժողովին բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Հայաստանի հանրային ռատիոյի տնօրէն Արման Սաղաթելեան, Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Յակոբեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ Ալեքսան Յարութիւնեան եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ:
Կարդացուեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը, զոր ներկայացուց նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ Ալեքսան Յարութիւնեան. «Խորհրդանշական է, որ ներկայ համաժողովը նուիրուած է հայկական երկու հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակներուն եւ տեղի կ՛ունենայ այնպիսի ժամանակաշրջանին, երբ Հայաստանի մէջ կը կատարուին հիմնարար եւ համակարգային բարեփոխումներ: Այս պարունակին մէջ իւրովի կ՛իմաստաւորուի նաեւ համաժողովին խորագիրը` «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք»: Սկսելով Երեւանի մէջ` համաժողովը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ մեր արդար պայքարի ու նորագոյն յաղթանակներու միջնաբերդին` Արցախ աշխարհին մէջ:
«Հայ մամուլը սկսաւ «Ազդարար»-ով, որ հայրենի հողին վրայ չէր տպագրուեր: Այս իրողութիւնը ինքնին կ՛արտացոլացնէ պատմական իրավիճակ մը, որ չէր կրնար նախանձելի նկատուիլ: Այնուհետեւ մեր լրատուութեան պատմութիւնը հարստացաւ բազմահազար լրատուամիջոցներով եւ դարձաւ հայ մշակոյթի, նաեւ` քաղաքական մշակոյթի հայելին: Հայկական լրատուամիջոցները թէ՛ հայրենիքի մէջ, ե՛ւ աշխարհի բոլոր ծագերուն եկեղեցւոյ եւ դպրոցին հետ միասին եղած են եւ կը մնան հայ ոգիի ինքնութեան պահպանման հիմնասիւները», նշուած էր նախագահին ուղերձին մէջ:
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը փոխանցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց աշխարհի 31 երկիրներէ համաժողովին մասնակցող 140 լրագրողներուն: Ան կարեւոր նկատեց համաժողովին նշանաբանը, որուն շուրջ պիտի ըլլան զեկուցումները: «Անցնող ապրիլեան պատերազմին մենք համահայկական լրատուադաշտի համերաշխ եւ միասնական աշխատանքին ականատեսները դարձանք: Այս համաժողովի նպատակը համահայկական տեղեկատուական դաշտի ընդլայնումն ու կատարելագործումը պէտք է ըլլայ, լրատուական ներուժի համախմբումը եւ արդիւնաւէտ օգտագործումը Հայաստանի զարգացման, Հայաստանի միջազգային վարկանիշի բարձրացման, սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, համահայկական հիմնախնդիրներու լուծման հոլովոյթին մէջ», ընդգծեց սփիւռքի նախարարը:
Առաջին նիստին նիւթն էր «Համահայկական տեղեկատուական միասնական ցանցի ձեւաւորման կառուցակարգերը եւ լրատուամիջոցներու համագործակցութեան ուղիները ճգնաժամային պայմաններու մէջ»:
Նիստը վարեցին Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան (Քանատա), «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան (Լիբանան), «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր Արարատ Ղուկասեան (Սպանիա):
Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան հանդէս եկաւ «Ճգնաժամային տեղեկատուութիւնը եւ հայկական լրատուադաշտը» նիւթով զեկուցումով:
«Նոյեան տապան» լրատուական ծառայութեան տնօրէն Տիգրան Յարութիւնեան անդրադարձաւ համահայկական տեղեկատուական ցանցի ձեւաւորման փուլերուն եւ արդի պայմաններուն մէջ զարգացման առանձնայատկութիւններուն:
Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրի թղթակից Աննա Կարապետեան ներկայացուց տեղեկատուական անվտանգութեան մարտահրաւէրներն ու հրատապ խնդիրները:
Լիբանանի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան պատասխանատու Ահարոն Շխրտըմեան անդրադարձաւ հայ մամուլի համազգային հայեցակարգի մշակման անհրաժեշտութեան:
Առաջին նիստին վերջին զեկուցումը «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանինն էր, որ ներկայացուց «Լրատուութեան ապագան: Ժամանակակից լրատուական միտումները` համահայկական տեղեկատուական միասնական ցանցի ձեւաւորման պարունակին մէջ» նիւթը:
Համաժողովը շարունակեց աշխատանքը «Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ սփիւռքեան կառոյցներու համագործակցութեան ուղիները» բնաբանական նիստով, զոր վարեցին սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, լրագրող, հրապարակախօս Պայծիկ Գալայճեան եւ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան:
«Հայաստանի եւ Իսրայէլի դիւանագիտական անկայուն յարաբերութիւններն ու Իսրայէլի հայկական կազմակերպութիւններու աջակցութիւնը յարաբերութիւններու զարգացման մէջ» նիւթով զեկուցում ներկայացուց «Իսրայէլահայեր» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արտեոմ Չերնամորեան:
«Հայաստանի դիւանագիտութիւնը, սփիւռքեան կառոյցները, համագործակցութեան ուղիները եւ համշէնահայերը» նիւթով զեկուցեց «Հայկական տեղեկատուական կենտրոն» կայքի թղթակից, համշէնահայ կիներու միջազգային միութեան նախագահ Սայիտա Օհանեան, որ կարեւոր նկատեց համշէնահայերու խնդիրներուն լուծման հրատապութիւնը, անդրադարձաւ համայնքային կառոյցներու եւ պետական մարմիններու փոխյարաբերութիւններուն:
«Անկախ եւ հետախուզական մամուլ»-ի էութեան եւ զարգացման ուղիներուն անդրադարձաւ լիբանանահայ ֆրանսաբնակ լրագրող, հրապարակախօս Յակոբ Պալեան: Ան կարեւոր նկատեց հայոց լեզուի մաքրութեան, տեղեկատուութեան ճշգրտութեան, նիւթերու ծիրի ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը: «Մեր մամուլը հանրակրթարան է ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ մշակութային առումներով», հաստատեց ան:
«Հայաստանի պատկերի ձեւաւորման բաղադրիչները օտարալեզու լրատուամիջոցներուն մէջ» նիւթով զեկուցում ներկայացուց «Հայկական Փի. Ար. ասոցիացիա» գիտատեղեկատուական կազմակերպութեան նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան: Ան նշեց. «Այս համաժողովները կարեւոր են ո՛չ միայն տեղեկութիւն փոխանակելու առումով, այլ նաեւ կարելիութիւն կու տան կապ հաստատելու իրարու հետ եւ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ուղղորդել լրատուական դաշտը, ինչպէս ներկայանալ աշխարհին»: Զեկուցողը կարեւոր նկատեց դրական պատկեր ձեւաւորելու անհրաժեշտութիւնը:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լիբանանի «Արարատ» օրաթերթի ներկայացուցիչ Անի Թորանեան, որ կարեւոր նկատեց համաժողովները` իբրեւ ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման նպաստաւոր հանգրուաններ` շեշտելով, որ հայկական լրատուական դաշտը մէկ գերակայ դերակատարութիւն ունի` ծառայել հայրենիքին: Աւարտելով իր խօսքը` Թորանեան նշեց. «Մեր մաղթանքն է, որ այս համաժողովը այդ ուղղութեամբ վճռական քայլ կատարէ: Իւրաքանչիւրը պէտք է ընդունի, որ ինքն է հայրենիքի ե՛ւ տէրը, ե՛ւ ծառան»:
Տեղի ունեցան քննարկումներ մամուլի լեզուին, առաջնահերթութիւններուն, նաեւ` ազգային խնդիրներու շուրջ: Ներկայացուեցան առաջարկներ:
Հանդիպում` Նախարար Նալբանդեանի Եւ Վարչապետ Կարապետեանի Հետ
Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի ծիրին մէջ սփիւռքեան լրատուամիջոցներու ղեկավարները հանդիպում ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ:
Նախարար Նալբանդեան լրագրողներուն ներկայացուց Հայաստանի դիւանագիտութեան առաջնահերթութիւնները, յատկապէս Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ մարդկութեան դէմ նոր ոճրագործութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ Հայաստանի առաջնորդող դերակատարութիւնը: Ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին, Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, սուրիական ճգնաժամին եւ այդ պարունակին մէջ սուրիահայերուն ցուցաբերուող օժանդակութեան:
Վարչապետին հետ հանդիպումին սկիզբը «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան ներկայացուց վերջին խորհրդաժողովներուն քննարկուած նիւթերը` լուսարձակի տակ առնելով հայրենիք-սփիւռք կայացած համագործակցութիւնը:
Ապա վարչապետը անդրադարձաւ կառավարութեան ծրագիրին` դիտել տալով, որ անոր մէջ տեղ յատկացուած է նաեւ սփիւռքին եւ անոր ունեցած ներուժի օգտագործման: Կարէն Կարապետեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանն ու սփիւռքը չեն կրնար ապրիլ առանց մէկզմէկու, որովհետեւ հայութեան ներուժը հայ մարդն է, անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կ՛ապրի: «Կրնամ ըսել, որ դուք այն խողովակն էք, այն կամուրջը, որ կը միաւորէ հայկական աշխարհը», ըսաւ վարչապետը:
Աւարտին վարչապետ Կարապետեան պատասխանեց լրագրողներուն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն, նախատեսուող բարեփոխումներուն եւ հայապահպանման մարտահրաւէրներուն:
«Սրբուհի Տիւսաբ» Դրոշմաթուղթի Հրապարակում
Համաժողովի բացումէն առաջ տեղի ունեցաւ «Սրբուհի Տիւսաբ» դրոշմաթուղթի հրապարակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, զոր կատարեցին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանի փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարի տեղակալ Գագիկ Թադեւոսեան եւ «Հայփոստ Թրասթ Մենեճմընթ» ընկերութեան կառավարող տնօրէն Խուան Փապլօ Գեչիջեան: Դրոշմաթուղթի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրի ծիրին մէջ: «Հայփոստ» ընկերութեան շրջանառութեան մէջ դրած դրոշմաթուղթը` նուիրուած է արեւմտահայ գրող, հրապարակախօս, հայ առաջին կին վիպասան Սրբուհի Տիւսաբի 175-ամեակին:
Համաժողովը ուղղակի կը սփռուի համացանցով, աշխարհի տարբեր երկիրներէ հայ լրագրողներու կարելիութիւն տրուած է մասնակցիլ համաժողովի աշխատանքներուն` համացանցին միջոցով:
Համաժողովը իր աշխատանքը պիտի շարունակէ նաեւ վաղը: