Այսօր` 20 հոկտեմբերին, ժամը 10:40-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով, Լիբանանի ժամանակացոյցով` 9:40-ին) բացումը պիտի կատարուի Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովին, որ կը կրէ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրը եւ նուիրուած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին: Քառօրեայ համաժողովը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ մինչեւ 24 հոկտեմբեր` Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ:
Համաժողովին պիտի մասնակցին 140 լրագրողներ` աշխարհի 31 երկիրներէ:
Բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, պիտի կարդացուին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձն ու Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը:
Այս ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան նաեւ հանդիպումներ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Կարէն Կարապետեանի, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, վարչապետ Արա Յարութիւնեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Լրագրողները նաեւ պիտի այցելեն սահմանագիծ, տեսնեն զինուորներուն առօրեան եւ գետնի վրայ տիրող կացութիւնը:
Համաժողովի համացանցային հեռարձակումը կը կազմակերպեն «Նոյեան տապան» լրատուական կեդրոնը (Երեւան), «Ազդակ» օրաթերթը (Լիբանան) եւ «Քոննեքթ թու քոմիունիքէյշըն» ընկերութիւնը (Միացեալ Նահանգներ): Կը խնդրենք հարցումներու պարագային դիմել Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութիւն`[email protected] հասցէով, կամ հեռաձայնել +374 60 351121 կամ +1 818 646-10-72:
Համաժողովին ամբողջ ընթացքը կարելի է դիտել համացանցով` Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան կայքին միջոցով, հետեւեալ հասցէով.http://mediaforum.am/?page_id=390&lang=hy,
«Նոյեան տապան» լրատուական կեդրոնի կայքին միջոցով, հետեւեալ հասցէով.http://nt.am/am/sppages/22/
«Ազդակ» օրաթերթի կայքին միջոցով` https://www.aztagdaily.com/
«Քոննեքթ թու քոմիունիքէյշըն»-ի կայքին միջոցով` https://www.connecttotv.com/