Wednesday Jun 19, 2013

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՆԵՊԻՀ ՊԸՐՐԻ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ԵՐԵՒԱՆ

By adminx - Sat Oct 01, 6:50 am

Նեպիհ Պըրրի

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հրաւէրով յառաջիկայ երկուշաբթի օր Երեւան պիտի այցելէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Եռօրեայ պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ խորհրդարանի նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:

4 հոկտեմբերին կը նախատեսուի Պըրրիի ելոյթը Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին:

Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր, եւ ծաղկեպսակ պիտի զետեղէ Մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանին:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement