Sunday May 19, 2013

«ԱՄԷՆ ԱՄԻՍ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՄԸ ՊԻՏԻ ՄԱՏՈՒՑԵՄ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԻՔՈԼԱ ՍԱՀՆԱՈՒԻ

By adminx - Sat Oct 01, 6:43 am

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի նախանցեալ երեկոյեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, յայտնեց, որ ինք ամէն ամիս նոր անակնկալ մը պիտի մատուցէ լիբանանցիներուն:

Այս ծիրին մէջ Սահնաուի նշեց, որ «Պլեքպըրի»ի ծառայութեան սակը 40 տոլարի գումարէն պիտի նուազի 27 տոլարի` աւելցնելով, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը երկու համաձայնագիրներ ստորագրած է «Լիպանփոսթ»ի հետ` քաղաքացիներուն տրամադրելու համար «Քալամ» հեռաձայնային հաղորդակցութեան քարտերը, ինչպէս նաեւ համացանցի օգտագործումին համար յատուկ սարքեր (մոտըմ), որպէսզի կարելի ըլլայ օգտուիլ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան տրամադրած համացանցի ծառայութիւններէն:

Սահնաուի յայտնեց նաեւ, որ համացանցի արագ դրութիւն ստանալու եւ 80 առ հարիւր աւելի նուազ սակեր վճարելու ծառայութիւնը նոյնպէս լիբանանցի քաղաքացիներուն տրամադրութեան տակ պիտի դրուի` սկսեալ շաբաթ, 1 հոկտեմբեր 2011-էն (այսօր):

Սահնաուի հաստատեց, որ այս նուաճումները ինք կը պարտի նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախկին նախարար ժըպրան Պասիլի եւ Շարպել Նահհասի` աւելցնելով, որ ներկայիս առաջնահերթութիւնը ծառայութիւնը մատուցելուն է, «իսկ աւելի ուշ կը խօսինք այն դրդապատճառներուն մասին, որոնք կը խոչընդոտէին նման նուաճումներու իրագործումը», ըսաւ ան:

Սահնաուի նշեց, որ ինք մինչեւ օրս չէ հանդիպած «Օժերօ»ի ընդհանուր տնօրէն Ապտել Մենեմ Եուսեֆի, որովհետեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան կողմէ անոր դէմ 6 դատական հարցեր յարուցուած են` անոր գործած օրինազանցութիւններուն պատճառով:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement