Նորայայտ Ժայռապատկերներ Սիւնեաց Լեռնաշխարհին Մէջ
Սիսեանի շրջանի կեդրոնէն 30 քիլոմեթր հեռու, Ուղտասար լերան կռնակին, աւելի քան 3000 մեթր բարձրութեան վրայ բազմած է լճակ մը` շրջապատուած ժայռերով:
Լճակին մօտերը կան ալպեան դալար արօտատեղիներ եւ սառնորակ աղբիւրներ: Լիճին հարաւը, ձորի պռունկին կառուցուած է անառիկ եւ անմշակ մեծ վիմերով շարուած ամրոց մը, որուն երկայնքին, կիկլոպեան պարիսպներու նմանութեամբ կառուցուած պատը քառանկիւնաձեւ բուրգեր ունի:
Պարիսպին հիւսիսարեւելեան մասին մէջ կան երեք շէնքեր, 3 մեթր երկարութեամբ, 1,5 մեթր խորութեամբ եւ 30 սմ լայնութեամբ: Այս շէնքերէն մէկուն մուտքին մօտ որձաքարի վրայ պատկերուած ժայռապատկերներ կան: Ուրիշ ժայռապատկերներ գտնուած են նաեւ մօտակայ ժայռերուն եւ քարայրներուն մէջ:
Սիւնեաց լեռնաշխարհի ժայռապատկերներով հարուստ այս հնավայրին մէջ գտնուած են քանի մը հարիւր պատկերազարդ ժայռաբեկորներ, որոնց մակերեսին անաղարտ վիճակի մէջ պահպանուած են հազարներու հասնող ժայռագրեր, որոնք փորագրուած են նախնադարեան քարէ գործիքներով:
Փորագիրները 5-10 միլլիմեթր լայնութիւն եւ 3 միլլիմեթր խորութիւն ունին:
Լիճին շուրջը սփռուած մեծաքար զանգուածներու վրայ կը գտնուին բարձրեղջիւր քարայծի, ցուլի, եղջերուի, ձիու, գազաններէն` առիւծի, վագրի, արջի, գայլի պատկերներ, որսկան շունի, աղուէսի, վարազի, կարիճի, ինչպէս նաեւ` խորհրդանշական երկրաչափական պատկերներ եւ մանուածապատ տեսարաններ:
Չափազանց հարուստ ներկայացուած են որսի, պտղաբերութեան, ծիսական պարի, վիշապի պաշտամունքին հետ կապուած արտայայտիչ եւ իրապաշտ պատկերները:
Սիւնեաց երկրին այս ժայռապատկերները կը պատկանին նոր քարէ դարուն եւ կը հանդիսանան մեր նախնիներուն տեսլապաշտ եւ իրապաշտ արուեստին, նախամարդու հոգեկան կշռոյթին, հնագոյն աշխարհահայեցողութեան արտայայտութիւնը:
«Հանդէս Ամսօրեայ»-ի Ութսունամեակը
Վիեննական Մխիթարեան միաբանութեան «Հանդէս Ամսօրեայ»-ն հիմնուած է 1887 յունուարին: Հիմնադիրը եղած է միաբանութեան ամէնէն փայլուն աստղերէն հ. Արսէն Այտընեան (1825-1902)` գլխաւոր աշխատակից ունենալով հ. Սերովբէ Տերվիշեանը, հ. Գրիգոր Գովրիկեանը, հ. Գրիգորիս Գալեմքեարեանը, հ. Գաբրիէլ Մենեվիշեանը, հ. Յակոբոս Տաշեան, հ. Ղեւոնդ Յովնանեանը եւ ուրիշներ:
Այս ուսումնաթերթը, 1967 յունուարին պիտի լրացնէ իր ութսունամեայ գոյութեան շրջանը:
Ամբողջ հայ լրագրութեան եւ պարբերաթերթերու հաւաքածոյին մէջ, սկիզբէն մինչեւ այսօր, չէ եղած հայ թերթ մը, որ այնքան նուիրուած ըլլայ հայ ազգի պատմութեան, լեզուին ու աշխարհագրութեան ուսումնասիրութեան, որքան` «Հանդէս Ամսօրեայ» հրատարակութիւնը: Չկայ գրեթէ որեւէ հայագիտական մարզ, որ ուսումնասիրութեան նիւթ ըրած չըլլայ «Հանդէս»-ը:
Արդարեւ, «Հանդէս Ամսօրեայ»-ի հիմնական նպատակը եղած է խուզարկել, հետազօտել, լոյս աշխարհ հանել եւ քննարկել ամէն ինչ, որ հայկական է:
Ութսուն երկար տարիներ պեղած, փորփրած, քրքրած, մշակած է «Հանդէս Ամսօրեայ»-ն հայագիտութիւնը եւ իր էջերուն մէջ տպուած նիւթերէն արտատպութեամբ լոյս հանած է ցարդ երկու հարիւր հատոր գիրք, որոնց շարքը կոչուած է «Ազգային մատենադարան»:
Հայկական անմահութեան յիշատակարան այս արժէքաւոր հայաթերթը, ներկայիս, միայն ութսուն վճարող բաժանորդ ունի: Տարեկան բաժնեգինն է ութ տոլար:
Հայերը Գիտական Համագումարներու Մէջ
Տասը տարի չանցած` հայ գիտնականներն են, որ պիտի տիրապետեն միջազգային համագումարներու մէջ:
Գիտական միջազգային համագումարները յաճախադէպ դարձած են: Հաղորդակցութիւններու միջոցներու արագութիւնը մեծ դեր ունի համագումարներու ծնունդին մէջ: Գիտութիւններու նուիրեալներուն այս հանդիպումները օգտակար են բազմաթիւ տեսակէտներով. ծանօթանալ իրարու` բարեկամութեան եւ խաղաղութեան մթնոլորտ մը ստեղծելով, ծանօթացնել կատարուած նուաճումները երկրէ երկիր:
Այս համագումարներուն կը մասնակցին նաեւ հայեր` իբրեւ ներկայացուցիչ իրենց բնակած երկիրներուն:
Էվիանի մէջ տեղի ունեցած Ընկերաբանական միջազգային համագումարին Խորհրդային Միութեան կողմէ մասնակցեցան չորս հայեր, մէկը Երեւանէն, հեղինակը` Անանիա Շիրակացիի նուիրուած ուսումնասիրութեան:
Սեպտեմբերի սկիզբը երկու համագումարներ տեղի ունեցան Վիեննայի մէջ:
Մէկը` Լեզուաբանական միջազգային համագումարը, որուն մասնակցեցաւ Երեւանէն փրոֆ. Արարատ Ղարիբեան:
Միւսը` Կենսա-բնագիտական միջազգային համագումարը, որուն մասնակցեցան 8 հայեր: Ամերիկաներէն` Մինաս Ինսանեան, որ նախագահած է նիստերէն մէկուն, Վահունի եւ Խաչատուրեան, Հունգարիայէն` Թարեան, Ֆրանսայէն` Սալըճեան եւ Խորհրդային Միութենէն` Կարապետեան, Չայլաքեան, Ադամեան եւ Պալըքճեան:
Ինսանեան յայտարարած է. «Մինչեւ հիմա հրեայ գիտնականներն էին, որ կը տիրապետէին համագումարներու մէջ, կը վստահեցնեմ ձեզ, որ տասը տարի չանցած` հայ գիտնականներն են, որ պիտի տիրապետեն միջազգային համագումարներուն մէջ»:
Հայկական հանճարն է, որ վերջապէս կը պատռէ մեկուսացման պատեանը եւ կը դառնայ միջազգային արժէք: