Friday May 24, 2013

«ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԹԻՒ 1701 ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԿԸ ՄՆԱՆՔ» ՇԵՇՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ

By adminx - Thu Sep 29, 6:27 am

ՄԱԿ-ի մէջ արաբ ներկայացուցիչներու հանդիպումէն պահ մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Նիւ Եորք կատարած իր այցելութիւնը աւարտեց երէկ` նախագահելով ՄԱԿ-ի մէջ արաբ ներկայացուցիչներու հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի զարգացումները եւ պաղեստինեան հարցը:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան միշտ զօրակցած է պաղեստինեան հարցին` աւելցնելով, որ Պաղեստինեան իշխանութեան կողմէ ներկայացուած ճանաչումի պահանջը նուազագոյնն է, որ հարկ է իրականացնել: Միքաթի շեշտեց նաեւ, որ Պէյրութ մնայուն կերպով կը պահանջէ գործադրել պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձը, ինչպէս նաեւ կը պաշտպանէ Երուսաղէմը` աւելցնելով, որ Լիբանան անշեղ պիտի մնայ պաղեստինեան դատին պաշտպանը ըլլալու իր կեցուածքէն:

Անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն` Միքաթի շեշտեց, որ «Լիբանան կը փափաքի, որ Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուի, եւ չենք փափաքիր միջամուխ ըլլալ ներքին սուրիական հարցերուն»:

Հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին խօսելով` Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Պէյրութ յանձնառու կը մնայ այդ բանաձեւին գործադրութեան` կոչ ուղղելով այդ բանաձեւը մշակող պետութիւններուն օժանդակելու լիբանանեան բանակին զինման: Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու առաջարկին Լիբանան թեր պիտի չքուէարկէ, սակայն պատժամիջոցներու որդեգրման պարագային ստիպուած պիտի ըլլայ զանոնք գործադրելու:

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement