«ՄԵՆՔ ՀԱՄԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄՆԱԿԻՑ ԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՐԻՍԱ ԱԼԱՎԵՐՏԵԱՆ
By adminx - Wed Sep 28, 6:46 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան անդամ Լարիսա Ալավերտեան նախանցեալ օր լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ Ժառանգութիւնը ոչ թէ իշխանափոխութեան, այսինքն` դէմքերու թարմացման կողմնակից է, այլ համակարգային փոփոխութիւններու` սահմանադրական կարգէն սկսեալ:
Անդրադառնալով արտակարգ ընտրութիւններ կայացնելու Հայ ազգային քոնկրեսի պահանջին` ան նշեց, որ Ժառանգութիւնը պատրաստ է թէ՛ արտակարգ, թէ՛ հերթական ընտրութիւններու, միայն թէ անոնք արդար ըլլան, առանց կեղծիքներու եւ լկտիութեան հասնող կաշառակերական ձեւերու:
Ինչ կը վերաբերի Հայ ազգային քոնկրես-իշխանութիւն երկխօսութեան, ընդդիմադիր գործիչը նշեց, որ ատիկա ժողովուրդին մօտ որեւէ հետաքրքրութիւն չէ յառաջացուցած եւ չի յառաջացներ, որովհետեւ որեւէ ձեւով չ՛արտացոլեր մարդոց հիմնական դժգոհութիւնները:
«Ինծի համար տեսանելի չեն նախկին իշխանութիւններուն, որոնք այսօր կը ներկայացնեն Հայ ազգային քոնկրեսը, եւ ներկայ իշխանութիւններուն տարբերութիւնները, որովհետեւ երկուքին քաղաքական ուղիներն ալ նոյնն են. որեւէ մէկը պատասխանատուութիւն չի կրեր տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական դաշտին մէջ մեր ձախողութիւններուն համար եւ այդ առումով երկխօսութիւնը չի կրնար յառաջ տանող շարժիչ ուժ ըլլալ», նկատել տուաւ Ալավերտեան:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print




