Sunday May 19, 2013

Յայտարարութիւններ (26 սեպտեմբեր 2011)

By adminx - Mon Sep 26, 10:05 am

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը կը շարունակէ հայրենակիցները ընդունիլ Շաղզոյեան կեդրոնի մէջ, ամէն օր` առաւօտեան ժամը 8:30-էն 5:00, իսկ շաբաթ օրերը` առաւօտեան ժամը 8:30-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00:

Հայ քաղաքացիները գրասենեակ կրնան դիմել կարգաւորելու համար իրենց պետական, օրինական, ընկերային եւ առողջապահական հարցերը:

Անկախ գրասենեակի անձնակազմէն, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամները երեսփոխանական գրասենեակին մէջ քաղաքացիները կ՛ընդունին հետեւեալ ժամանակացոյցին համաձայն.

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան` ուրբաթ օրերը ժամը 1:00-էն 3:00:

Պետական նախարար Փանոս Մանճեան` երեքշաբթի օրերը ժամը 1:00-էն 3:00, նաեւ չորեքշաբթի օրերը ժամը 12:00-էն 2:00:

Երեսփոխան Արթիւր Նազարեան` հինգշաբթի օրերը ժամը 3:00-էն 5:00:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երկուշաբթի, հինգշաբթի եւ ուրբաթ օրերը ժամը 11:00-էն 1:00, ինչպէս նաեւ յատուկ ժամադրութեամբ:

Գրասենեակի հեռաձայնի թիւերն են` 01-259881, 01-242582 եւ 03-273800:

————————————————————————————

ԱՄՈՒՍՆԱՑԵԱԼՔ

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

ընդ

ՖԼՈՐԱ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

25 սեպտեմբեր, 2011
Պէյրութ

————————————————————————————

ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԱԾ

Տէր եւ տիկին Ժաք եւ տոքթ. Սարին Պոյաճեան բախտաւորուած են առջինեկ աղջիկ զաւակով մը`

ԼԻԼԱ

22 սեպտեմբեր, 2011
Պէյրութ, Լիբանան

————————————————————————————

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Տիկին Սոնիկ Կետիկեան եւ զաւակները` Գարին եւ Րաֆֆի, Կետիկեան, Թերզեան, Խաշինճեան, Հատտատ, Շիթիլեան եւ Տէյիրմենճեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին` ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԵՏԻԿԵԱՆի մահուան սուգին:

————————————————————————————

 

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան
Առողջապահական Յանձնախումբ
«Արաքսի Պուլղուրճեան»
Ընկերաբժշկական Կեդրոնի
Նախազգուշական բաժանմունք

ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ

«ՍԵՌԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ
ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ Է ԲՈԼՈՐԻՆ»

Տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:

Շարքի 13 դասախօսութիւններէն 12-ին ներկայ գտնուողները առիթը պիտի ունենան ստանալու անվճար բժիշկի այցելութիւն եւ քննութիւն մը, նաեւ` ներկայութեան հաստատագիր:

Շարքին առաջին դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ

Չորեքշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2011

Բնական եւ արուեստական յղութիւն, վիժում եւ ծննդաբերութիւն

Դասախօս՝
Տոքթ. Վիգէն Նանեճեան
Կնոջական հիւանդութիւններու եւ ծննդաբերութեան
մասնագէտ

Հիւրասիրութիւն դասախօսութեան աւարտին:

————————————————————————————

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

2011-2012 ՎԵՐԱՄՈՒՏ

1.- Երկուշաբթի, 19 սեպտեմբեր` Թ. Ժ. ԺԱ. ԺԲ. դասարաններ:
2.- Երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր` միջնակարգի եւ նախակրթարանի դասարաններ:
3.- Չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբեր` մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններ:
4.- Հինգշաբթի, 6 հոկտեմբեր` մանկապարտէզի Ծաղկոցի փոքրիկներ:

ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

- 19 սեպտեմբերէն մինչեւ 7 հոկտեմբեր դասաւանդութիւնը կը տեւէ առաւօտեան ժամը 7:25-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:15:
- Երկուշաբթի, 10 հոկտեմբերէն սկսեալ դասաւանդութիւնը կ՛ըլլայ լիաժամ` առաւօտեան ժամը 7:25-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 14:30:
- Ուսումնական տարեշրջանի առաջին օրը (երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր) դպրոց ներկայանալ անձնական միջոցներով, վերադարձը ապահովուած է:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

————————————————————————————

ԱԶԳ. ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ – Ս. ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

2011-2012
Ուսումնական Տարեշրջան
Ռըմէյլ- Խալիլ Պատաուի
Հեռ: 01/443892

1.- Արձանագրութիւն:

2011-2012 ուսումնական տարեշրջանի արձանագրութիւններուն համար դպրոցը բաց է երկուշաբթի, 5 սեպտեմբերէն սկսեալ, ամէն օր ժամը 9:00-էն 1:00:

Նորեկ աշակերտները պէտք է քարտուղարութեան ներկայացնեն հետեւեալները:

1.- Նախկին տարեշրջանի վիճակացոյցը, 2.- Բարի վարուց վկայագիր, 3.- 4 լուսանկար, 4.- Անձնաթուղթի պատճէն, 5.- Պետական թիւ, վաւերացուած (կրթական նախարարութենէն):

2.- Վերամուտ:

Հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2011:

ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Տնօրէնութիւնս կը տեղեկացնէ թէ`

1.- Վարժարանս ունի նաեւ Nursery-ի բաժին, ուր կ՛ընդունինք 0-3 տարեկան երեխաները, առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00, սերտուած սակացոյցով:
2.- Օթոքարներ կը գործեն բոլոր շրջաններուն համար:
3.- 2011-2012 ուսումնական տարեշրջանի առաջին օրը դպրոց ներկայանալ անձնական միջոցներով, վերադարձը ապահովուած է:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

————————————————————————————

«ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ» ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ
ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ,
ՀԵՌ.` 04-410001

2011-2012 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Տեղի կ՛ունենան երեքշաբթի, 27 եւ հինգշաբթի, 29 սեպտեմբերին, ժամը 16:00-18:00:

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Ուրբաթ, 30 սեպտեմբեր 2011, ժամը          16:00-ին:

Կ՛ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ

BT-ի եւ TS-ի ծրագիրներ եւ հայերէն յատուկ դասանիւթեր

ՎԱՐԻՉ

————————————————————————————

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՀԵՌ. 01/261622

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1.- 2011/2012 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին 5 սեպտեմբերէն սկսեալ, երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 8:30-էն 12:30:
2.- Կ՛ընդունինք երկու տարեկանէն սկսեալ մանուկներ:
3.- Վարժարանս ունի ֆրանսական թեքում եւ իբրեւ ձրիավարժ դպրոց մատչելի սակեր:
4.- Վերաքննութիւնները, մուտքի քննութիւնները տեղի պիտի ունենան 21 եւ 22 սեպտեմբեր 2011-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 9:00-ին:
5.- Նախակրթարանի վերամուտը 29 սեպտեմբեր 2011-ին է, Ծաղիկ, Կոկոն դասարաններունը` 29 սեպտեմբերին, իսկ Բողբոջ եւ Ծիլ դասարաններունը` 30 սեպտեմբեր 2011-ին:
6.- Նորեկ աշակերտները անհրաժեշտաբար պէտք է ներկայացնեն նոր իխրաժ քայտ, վաւերացուած փոխանցագիր, 2 լուսանկար եւ բարի վարուց վկայագիր:
7.- Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար դիմել քարտուղարութեան:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

————————————————————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հագուստի գործատեղի մը` Պուրճ Համուտի մէջ, կարիքը ունի երիտասարդ գործաւորուհիի մը: Դիմել` հեռ. 01-240166 եւ 01-240165:

————————————————————————————

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Զալքայի մայրուղի, 3 ննջասենեակ, հիւրասրահ, ճաշասրահ եւ յարակից մասեր, 170 քառ. մեթր,    6-րդ յարկ, վերելակ, կառատունը ապահովուած: Դիմել` հեռ. 01-242607:

————————————————————————————

ԾԱԽՈՒ Է

Պուրճ Համուտի մէջ 5 յարկանի շէնք մը, 125 մ2` իւրաքանչիւր յարկը: Հեռ. 03-896135:

————————————————————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Garage ARIZONA կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը, համակարգիչ գործածել գիտնալը` պայման: Վճարման լաւ պայմաններ: Դիմել` հեռ. 76-756666:

 

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement