«Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի կիրակի օր Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ իր երկիրը կը պաշտպանէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ պատրաստ է աշխուժ դերակատարութիւն ունենալու հայ-ազրպէյճանական տագնապի խաղաղ լուծման գործին մէջ:
Ան ըսած է, որ Իրան կը պաշտպանէ տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը եւ կը հաւատայ շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման:
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր կարգին յայտնած է, որ ինք Իրանի նախագահին ներկայացուցած է այսօրուան իրավիճակը:
Նշենք, որ Իրանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները ունեցած են առանձին հանդիպում մը, որուն յաջորդած է երկու կողմերու պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստորագրուած են համագործակցութեան վեց փաստաթուղթեր, որոնց շարքին` Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցներու միջանցքի իրականացման մտադրութիւններու արձանագրութիւնը: