Thursday May 23, 2013

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

By adminx - Mon Sep 26, 7:25 am

Հանդիպումէն պահ մը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 22 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ռոպերթ Պրատքէի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ զրոյցին ընթացքին Էդուարդ Նալբանդեան կրկին ընդգծած է, որ արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ կարելի պիտի ըլլայ յառաջընթաց արձանագրել, եթէ Ազրպէյճան ետ վերցնէ Քազանի մէջ առաջադրած տասը փոփոխութիւնները:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ 27 հոկտեմբեր 2010-ին Ասթրախանի վեհաժողովին մէջ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման վերաբերեալ համաձայնութեան իրագործման:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement