ԱՊՊԱՍ ՀԵՐՈՍԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՌԱՄԱԼԼԱՅԻ ՄԷՋ
By adminx - Mon Sep 26, 7:01 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
Հազարաւոր պաղեստինցիներու առջեւ խօսք առնելով` Ապպաս վերահաստատեց իր վճռակամութիւնը չբանակցելու իսրայէլեան իշխանութիւններուն հետ, այնքան ատեն որ կասեցուած չէ պաղեստինեան շրջաններուն մէջ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու կառուցումը:
«Մենք աշխարհին փաստեցինք, որ կ՛ուզենք մեր իրաւունքներուն վերատիրանալ խաղաղ միջոցներով եւ բանակցութիւններու ընդմէջէն, բայց ոչ որեւէ բանակցութիւններու ընդմէջէն», ըսաւ Ապպաս` դիտել տալով, որ պաղեստինցիք պիտի չընդունին բանակցիլ Իսրայէլի հետ, եթէ այդ մէկը օրինականօրէն հիմնաւորուած չըլլայ:
Ապպաս եզրափակեց ըսելով, որ Պաղեստինի «միջազգային դիւանագիտական դիմադրութիւնը» սկսած է եւ պիտի շարունակուի ու տոկայ` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն:
Նշենք, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի այն յայտարարութիւնը, թէ Իսրայէլ պատրաստ է բանակցութիւններու նոր հանգրուանի մը սկսելու` նպատակ ունենալով մինչեւ 2012-ի վերջը հասնիլ որոշ համաձայնութեան մը, ուրախացուցած էր պաղեստինցի ժողովուրդը:
Լիպըրման յայտնած էր, որ Իսրայէլ պատրաստ է «առանց նախապայմաններու» վերսկսելու բանակցութիւններուն:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print




![abbas[1]](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2011/09/abbas1-300x204.jpg)