ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Խորքին մէջ ան ոչ թէ միա՛կ, այլ նաեւ` անփոխարինելի եւ յուսադրիչն է քաոսի մը մէջ ապրող ժողովուրդի մը համար: Քաոս, որ ունի աշխարհագրական տարածք, ուր կ՛ապրին ուրախ եւ տխուր, գերհարուստ եւ գերաղքատ, բարեպաշտ եւ մարդակեր, ազգասէր եւ ազգադաւ խմբաւորումներ (համայնքներ):
Ժողովուրդ, որ ունի նաեւ սեւ եւ ճերմակ պատմութիւն, քաղաքակրթական եւ մշակութային յաւակնոտ երազներ, խաղաղ ապրելու եւ արարելու անհուն փափաք, ժպիտ, սէր ու խինդ տարածելու խոր ցանկութիւն: Աւելի՛ն. տարածք, որ ունի անուն` Լիբանան եւ հայրենիք դառնալու հիանալի տեսլական:
Օգոստոսի 1:
Անմիջական հարցադրումը այն է, թէ տակաւին լիբանանցիին մօտ առկա՞յ են յոյսի եւ ապաւէնի հասկացողութիւնները, երբ ժողովուրդ մը ամբողջ աւելի քան եօթը տասնամեակէ (1943) կը տուայտի փտածութեան մէջ, կը տառապի վասն ոչինչի, սպանդի կ՛ենթարկուի ապիկար վարքագիծերու պատճառով, կը թալանուի իր սեփական պետութեան ձեռամբ, կը յօշոտուի, կ՛արհամարհուի, կ՛աղքատանայ, կը սպառի` առանց որեւէ արդիւնքի եւ հեռանկարի, շատ անգամ կ՛ընդվզի ու կը պոռթկայ, սակայն աւարտին` պէս-պէս բացատրութիւններով եւ հեզաճկուն քայլերով կ՛ուղղուի քուէատուփ, կրկին իշխանութեան գլուխ հասցնելու այն «սրբակենցաղ» կեղեքիչները, որոնք արդէն մասնագէտն են դարձեր լիբանանեան պետական ամբողջ համակարգի կողոպուտին:
Ի դէպ, թող ներուի, եթէ երբեք բացառութիւններու մասին ակնարկութիւն չկայ:
Արդ, թէ ո՞ւր պէտք է տեղադրել նման հաւաքական տրամաբանութիւն եւ կամ ինչպէ՞ս ըմբռնել պատահածին ահագնութիւնը, հաւանաբար լուսաշող օր մը, ապագայ սերունդներ անդրադառնան եւ լծուին ինքնամաքրագործումի մը արշաւին եւ ամէն ճիգ ի գործ դնեն կերտելու բոլորիս երազած կանաչապատ Լիբանանը (լուպնըն էլ ախտար), եթէ մինչեւ այդ օրը մնան կանաչ գոյնն ու կապոյտ երկինքը:
Միւս կողմէ, հաւանաբար տարօրինակ եւ անըմբռնելի թուի բոլորիս, որ տակաւին Լիբանանի երկնակամարին տակ ապրող անհատ թէ հաւաքականութիւն գոյութիւն ունի, որ դեռեւս կը հաւատայ եւ կ՛ապաւինի կառոյցի մը` ի դէմ բանակին, հակառակ վերոնշեալ սադրիչ երեւոյթներուն, եղբայրասպան պատերազմին (1975-1990), ժառանգուած այլամերժութեան, անհանդուրժողութեան, համայնքայնութեան, մոլեռանդութեան եւ զիրար բնաջինջ ընելու խօլարշաւ մտայնութեան:
Վերը ակնարկեցինք գոյութեան սեւ եւ սպիտակ պատմութեան մը, որուն մեկնաբանութիւնը հարկ է տեսնել ճիշդ այս մօտեցումին եւ կամ հաստատումին մէջ, որ կ՛ըսէ, այո՛, լիբանանեան բանակը է՛ ու կը մնայ այն միա՛կ պետական կառոյցը, որ, ապրելով հանդերձ ներլիբանանեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ահաւոր հակասութիւններու թոհուբոհին մէջ, տակաւին կը շնչէ եւ ի հարկին կը ներշնչէ շրջապատ մը ամբողջ` գիտակցելով իր առաքելութեան, կոչումին եւ դաւանանքին:
Փաստօրէն, վերջին տարիներուն եւ ի հեճուկս տեղական, շրջանային եւ միջազգային բազմապիսի քաղաքական սադրանքներու թէ զինուորական ուղղակի ճնշումներու, լիբանանեան բանակը, շնորհիւ իր ժողովրդասէրի եւ հայրենանուէրի առողջ գործելակերպին, յաջողեցաւ փրկել երկիրը ստոյգ գահավիժումէ եւ դէպի նոր եղբայրասպան պատերազմի ուղղուածութենէ:
Ճիշդ է նաեւ, որ մտահան պէտք չէ ընել մեծ պետութիւններու եւ որոշիչ կեդրոններու բանակին օժանդակութիւնը (թէեւ մասնակի), պահպանելու երկրին անդորրութիւնն ու անվտանգութիւնը (իրենց շահերէն մեկնած): Այլ հարց, թէ նոյնինքն մեծ պետութիւններ որդեգրած են երկակի քաղաքական վարքագիծեր հանդէպ հաւատադրժող թէ ծայրայեղ իսլամ խմբաւորումներու, որոնց գոյութիւնը ուղղակիօրէն կ՛առնչուի մեծապետական խօլ մրցակցութիւններու եւ ազգակործան քաղաքական ծրագիրներու:
Միջինարեւելեան եռեւեփող եւ ահագնագոռ պատերազմներու թէ քաղաքական անորոշ կացութիւններու դէմ յանդիման, լիբանանեան բանակը կրցաւ նախ պահել իր միակամութիւնը, ապա` ազգային հաւասարակշիռ դերակատարութիւն ստանձնելով շրջանցել ներքին խոչընդոտներն ու արտաքին թակարդները: Եւ պարտադրուած այս ահաւոր պատերազմին մէջ լիբանանեան բանակը ցոյց տուաւ այնպիսի հաստատակամութիւն եւ ներքին ամրութիւն, որոնց շնորհիւ ան յաջողեցաւ ամբողջ երկրի տարածքին պարտադրել իր կամքն ու հեղինակութիւնը:
Քանի մը տարիէ լիբանանեան անվտանգութեան կառոյցներ կը դիմագրաւեն այսպէս ըսած նորաբոյս ահաբեկչական խմբաւորումներու սպառնալիքներ, ատոնք ըլլան հաւատադրժողական թէ ծայրայեղ իսլամական, որոնք թէեւ կրցան որոշակի վայրագութիւններ կատարել, այդուամենայնիւ, ապահովական մարմիններ իրենց թիկունքին ունենալով դիմադրութեան մարտիկներու աջակցութիւնը` յաջողեցան մեծ վնասներ հասցնել եւ իրենց ձեռքին պահել հարուածելու ամէն որոշում:
Փաստօրէն, Սուրիոյ հետ սահմանամերձ գիւղերու, քաղաքներու թէ լեռնային շրջաններու մէջ, լիբանանեան բանակը, համագործակցաբար դիմադրութեան մարտիկներուն հետ, կրցաւ պաշտպանել բազմաթիւ գիւղաւաններ, որոնք ուղղակի թիրախ էին եւ բնաջնջումի սպառնալիքի ենթակայ` վայրագ խմբաւորումներու կողմէ:
Յայտնապէս թէ ինչո՞ւ շեշտը կը դրուի լիբանանեան բանակի կառոյցին վրայ, պարզ այն հասկացողութեամբ, որ անիկա հանդիսացաւ այն միակ պետական հաստատութիւնը, որ չերկփեղկուեցաւ, չտկարացաւ, հակառակ երկրին մէջ տիրող նախագահական թափուր աթոռին, սահմանադրական տարբեր կառոյցներու ամլութեան, իրերայաջորդ խորհրդարանական թէ քատրային երկարաձգումներու, իշխանութեան մակարդակի ինքնարտադրման եւ պետական համակարգի գրեթէ ամբողջութեամբ աշխատանքային սառեցման:
Եթէ երբեք լիբանանցին իր տարբեր յարանուանութիւններով թեւ ու թիկունք է լիբանանեան բանակին եւ ընդհանրապէս անվտանգութեան կառոյցներուն, ատիկա շնորհիւ այն իրականութեան, որ առաջին հերթին բանակը կրցաւ ինքզինք զերծ պահել միջհամայնքային անհանդուրժողութենէ, սայթաքումներէ, անհեռանկար քաղաքական արկածախնդրութենէ, ըլլալ պաշտպանը բոլորին եւ անվերապահ աջակցութիւն ցուցաբերել ազգային քաղաքական առաջադրանքներու:
Լիբանանեան բանակը իր այս առաքելութեան ընթացքին զոհեց ընտրանի տղաներ, սպաներ թէ զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց սխրանքներուն շնորհիւ կարելի եղաւ փրկել Լիբանանը ստոյգ փճացումէ:
Այսօր լիբանանեան բանակը ունի գերյագեցած երկու խնդիր` սպառազինում եւ ազատ գործելու հնարաւորութիւն: Անամօթաբար, սպառազինումը կը կատարուի կաթիլ-կաթիլ, իսկ երկրին անվտանգութիւնը քաջաբար պաշտպանելու եւ ի հարկին յանդուգն որոշումներ տալու կարելիութեան մէջ կը դիմագրաւէ զանազան տիպի դժուարութիւններ (քաղաքական, համայնքային, մեծապետական շահեր եւ այլն):
Այս բոլորով հանդերձ, ան կը մնա՛յ մեր միակ յոյսն ու ապաւէնը: