«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մօտ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Էրտման մօտաւորապէս երկու ամիսէ ի վեր չի կրնար երկրի պետական տեսչութիւններու պաշտօնեաներուն հետ հանդիպում մը ունենալ: Արտաքին գործոց նախարարութեան կամ կառավարութեան այլ պաշտօնեաներու հետ հանդիպելու դեսպանին դիմումները կը մերժուին կամ կը մնան անպատասխան:
Թրքական «Աքթիֆմետիա» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ դեսպանին նկատմամբ թրքական իշխանութիւններուն այս տարօրինակ վերաբերմունքին պատճառը Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ 2 յունիսին վաւերացուած եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւն է:
Բանաձեւի վաւերացումէն ետք Անգարա ազդարարած էր, թէ Գերմանիոյ դէմ «գործողութիւններու ծրագիր» մը պիտի պատրաստէ:
Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացումէն ետք Թուրքիա նաեւ չէր արտօնած, որ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնեաները այցելեն ՕԹԱՆ-ի անդամներուն կողմէ օգտագործուող Ինճիրլիքի զինուորական խարիսխը: