«ՖԵՐՏԻՆԱՆՏ ԵՒ ՀԵՌՆԱՆՏԵԶ ԱՅՍՕՐ ԱՆԱԿՆԿԱԼՕՐԷՆ ԿՐՆԱՆ ԴԱՇՏ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ՖԵՐԿԸՍԸՆ
By adminx - Sat Sep 24, 7:01 am
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ, Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսըն իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ այսօր` շաբաթ, 24 սեպտեմբերին, Սթոք Սիթիի դէմ տեղի ունենալիք Փրեմիեր լիկի մրցումին, կրնայ պատահիլ, որ անակնկալօրէն դաշտ ներկայանան Ռիօ Ֆերտինանտ եւ մեքսիքացի Խաւիէ Հեռնանտեզ:
Ֆերտինանտ այս տարեշրջանին իր ակումբին կատարած հինգ մրցումէն միայն երկուքին դաշտ ներկայացաւ:
Ինչ կը վերաբերի Հեռնանտեզի, ան վերջին երկու շաբաթներուն վիրաւոր ըլլալով բացակայեցաւ դաշտերէն:
Նշենք, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ միակ խումբն է, որ իր կատարած հինգ մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է` ապահովելով առաւելագոյն 15 կէտը:
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print



