Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Զանազան երկիրներու մէջ պարբերաբար կը յայտնուին ոչ դասական քաղաքական գործիչներ, ղեկավարներ, որոնք դիւանագիտական արտայայտութիւններու ճկունութիւնը չեն օգտագործեր, համարձակախօս կ՛ըլլան եւ բոլորին տեսած, գիտցած, բայց չըսած իրականութիւններուն մասին առանց բառերը ծամծմելու, երբեմն նոյնիսկ սրամիտ բառախաղերով կ՛արտայայտուին: Այդ անհատականութիւններէն է Պորիս Ճոնսըն: Ան քանի մը առումներով զայրացուցած պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը` անոր մասին գրած երգիծական բանաստեղծութեան համար, որ մրցանակ շահեցաւ, ինչպէս նաեւ յայտնի դարձաւ, որ անոր նախահայրը օսմանցի թուրք Ալի Քեմալն է, որ դատապարտած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մինչ Էրտողան պիտի ակնկալէր, որ Ճոնսըն պատժուի, ան պատւուեցաւ նշանակուելով Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար:
Ն.
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին իր տարօրինակութիւններով յայտնի Ճոնսընի նշանակումը բուռն արձագանգի ալիք բարձրացուցած է: Լոնտոնի նախկին քաղաքապետը բազմիցս աչքի ինկած է իր արտասովոր վերաբերմունքով եւ վիրաւորական արտայայտութիւններով:
«Էքսանթրիկ», գայթակղութիւն ստեղծող, աննախատեսելի: Այս բառերով Պորիս Ճոնսընը բնութագրած են եւրոպական դիւանագէտներն ու լրատու միջոցները, երբ ան Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար նշանակուեցաւ:
Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու նոր նշանակուած պատասխանատուն` 52-ամեայ Պորիս Ճոնսըն յայտնի է իր ոչ դիւանագիտական բառապաշարով եւ յայտարարութիւններով: Ճոնսըն բազմիցս աչքի ինկած է արտասովոր կեցուածքով, վիրաւորական արտայայտութիւններ ընելով աշխարհի զանազան երկիրներու ղեկավարներու հասցէին:
Նիւ Եորք ծնած բրիտանացի քաղաքական գործիչը, որուն երակներուն մէջ նաեւ թրքական արիւն կը հոսի, վերջին 8 տարիներուն Անգլիոյ մայրաքաղաքի ղեկավարն էր, քաղաքապետը: Պորիս Ճոնսըն կը նկատուի «Պրեքզիթ»-ի ամէնէն եռանդուն ջատագովներէն մէկը: Վերլուծաբանները պատահական չեն նկատեր Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու աջակիցներու յաղթանակը` ատոր մէջ որոշիչ համարելով Ճոնսընի աջակցութիւնն ու հեղինակութիւնը: «Սկիզբը քեզ կը ստիպեն տուրքեր վճարել յունական ձիթապտուղի պարտէզներու համար, որոնցմէ շատերը պարզապէս գոյութիւն չունին: Ապա կ՛ըսեն, թէ կարելի չէ ճաշարաններէն ներս հացը թաթխել ձիթապտուղի իւղին մէջ: Եւ այսպէս մեզի կը պարտադրեն նպաստներ տրամադրել, որպէսզի կարգադրեն` ուր, ինչպէս եւ երբ պէտք է ձիթապտուղի իւղ ուտենք»: Ահաւասիկ նաեւ այսպէս Ճոնսըն կը հիմնաւորէր Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը:
Պորիս Ճոնսընը արտաքին գործոց նախարար նշանակելու փաստը անսպասելի ու ցնցիչ էր յատկապէս արեւմտեան դիւանագիտական շրջանակներուն համար: Շուէտի նախկին վարչապետը «Թուիթըր»-ի մէջ գրած է` «Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ ատիկա կատակ է»: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարն ալ յայտարարած է` «Այդ անձը խաբեբայ է»:
Ճոնսընի նկատմամբ հակասական վերաբերմունքը պատահական չէ. ամիսներ առաջ այս գործիչը որոշեց իր «ստեղծագործական տաղանդը» օգտագործել Բրիտանիոյ դաշնակից երկիրներէն մէկուն` Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողանը զայրացնելու համար:
Մինչ Էրտողան գերմանական կառավարութենէն կը պահանջէր պատժել իր մասին երգիծական հաղորդում պատրաստած լրագրողը, Պորիս Ճոնսըն Լոնտոնի մէջ յաղթանակ տարաւ թրքական առաջնորդին մասին «ամէնէն վիրաւորական բանաստեղծութեան հեղինակ» դասակարգին մէջ` արժանանալով 1000 սթերլին մրցանակի: Ճոնսըն իր ստեղծագործութեան համար ընտրած էր Բրիտանիոյ մէջ լայնօրէն տարածուած` «լիմերիք» սեռը (սրամիտ, յաճախ անվայել հինգ տողնոց բանաստեղծութիւն): Բանաստեղծութեան նպատակը անհեթեթ իրավիճակի մէջ յայտնուած հերոսը ծաղրելն է: Ըստ բանաստեղծութեան տողերուն, հերոսը սեռական կապի մէջ եղած է այծի հետ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա նոյնպէս Ճոնսընի քննադատութեան թիրախ դարձած է: Երբ օր մը պարզուեցաւ, որ Ուինսթոն Չըրչիլի կիսանդրին անհետացած է Սպիտակ տան ձուաձեւ սենեակէն, Ճոնսըն յայտարարեց. «Ոչ ոք վստահ է, թէ որո՛ւ ձեռքով կիսանդրին անհետացած է: Սակայն կան ենթադրութիւններ, թէ այդպիսով քենիական արմատներով ամերիկացի նախագահը իր ժառանգական թշնամանքը կ՛արտայայտէ բրիտանական կայսրութեան, որուն ջանասէր պաշտպանն էր Չըրչիլ»:
Ճոնսըն նաեւ հակադրուած է Արեւմուտքի մէջ որդեգրուած գերիշխող կեցուածքին եւ գովեստի խօսքեր ըրած` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հասցէին, իր բառերով` ««Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ արդիւնաւէտ պայքարին համար», հակառակ այն հանգամանքին, որ Ճոնսընի հայրենի կառավարութիւնը Ասատը կը մեղադրէ բազմաթիւ սուրիացիներու սպանութեան յանցանքին համար: «Այո՛, գիտեմ, Ասատը հրէշ է եւ բռնակալ, ան կը ռմբակոծէ սեփական ժողովուրդը, անոր բանտերը լեցուն են ընդդիմադիրներով, որոնք խոշտանգումներու կ՛ենթարկուին, ահաբեկչութեան եւ բռնութիւններու օգնութեամբ անոր ընտանիքը երկիրը կը կառավարէ արդէն քանի մը սերունդ: Սակայն կայ առնուազն երկու պատճառ, թէ ինչո՛ւ առողջ բանականութեամբ մարդը պէտք է ուրախանայ Ասատի բանակի յաջողութիւններով. «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարը եւ Փալմիրի ազատագրումը», գրած է Ճոնսըն:
Անցեալ տարուան դեկտեմբերին բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթին մէջ «Եկէ՛ք` համագործակցինք հրէշին հետ» վերնագիրին ներքեւ Ճոնսըն կ՛առաջարկէր հաղորդակցութիւններ սկսիլ ե՛ւ Ասատի, ե՛ւ Քրեմլինի ղեկավար Վլատիմիր Փութինի հետ` «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն ազատելու համար: «Ասիկա է կարեւորը, մնացեալը երկրորդական հարցեր են», գրած է Լոնտոնի նախկին քաղաքապետը:
Կայ անձ մը, որուն հետ Ճոնսըն հանդիպելու ցանկութիւն բնաւ չունի: Այդ անձը Տոնալտ Թրամփն է: «Միակ պատճառը, որ ինծի կը ստիպէ չմեկնիլ Նիւ Եորք, ատիկա Թրամփի հետ հանդիպելու վտանգն է», ըսած է Պորիս Ճոնսըն:
Պ. Ճոնսընի Թուրք Նախահայրը` Ալի Քեմալ, Դատապարտած Էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսընի թուրք նախահայրը (մեծ հօրը հայրը)` Ալի Քեմալ, ընդդիմացած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործած ղեկավարներուն եւ 1922 թուականին դաժանաբար սպաննուած` խտրական ուժերու կողմէ: Աւելի քիչ տեղեկութիւններ յայտնի են անոր անձնական կենսագրութենէն, որուն մէջ կը բացայայտուի բրիտանացիին բազմաշերտ ազգային խառնուրդ ժառանգութիւնը, որուն շարքին` թուրք նախահայր Ալի Քեմալը:
Վերջինս իսկապէս աչքառու եղած է իբրեւ ամէնէն համարձակ ձայներէն մէկը, որ ընդդիմացաւ 1915-1923 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործած ղեկավարներուն եւ 1922 թուականին դաժանաբար սպաննուեցաւ խտրական ուժերու կողմէ:
Ալի Քեմալ իբրեւ լրագրող իր կեանքին համար մտահոգուելով` 1909 թուականին փախաւ Անգլիա, տարագրութեան մէջ ըլլալով կնոջ` Ուինիֆրետի եւ դստեր հետ: Սակայն տղուն ծնունդէն կարճ ժամանակ ետք անոր կինը մահացաւ Պոռնմութ քաղաքին մէջ: Քանի մը տարի ետք, 1912 թուականին, ան վերադարձաւ Օսմանեան կայսրութիւն եւ կրկին ամուսնացաւ օսմանցի փաշայի դստեր` Սապիհա հանըմի հետ:
Ալի Քեմալի առաջին կնոջմէ ունեցած երեխաները, որոնք տակաւին կ՛ապրէին Անգլիոյ մէջ, ընդունած էին իրենց մայրական մեծ մօր ընտանեկան մականունը` Ճոնսըն: Ալի Քեմալի որդին` Պորիս Ճոնսընի մեծ հայրը, որ ի սկզբանէ Օսման անունը կը կրէր, հետագային սկսաւ օգտագործել իր երկրորդ անունը` Ուիլֆրիտ: Ճոնսընի նախահայրը` Ալի Քեմալ, օսմանեան պետութեան բնաջնջողական քաղաքականութեան ամէնէն նշանաւոր թուրք քննադատն էր:
Ալի Քեմալ լրագրող եւ հասարակական գործիչ էր, որ նոյնիսկ կարճ ժամանակ մը` 1919 թուականի յետպատերազմեան օսմանեան կառավարութեան պետական նախարարի պաշտօնը ստանձնած էր:
Դոկտ. Վահագն Տատրեան, որուն բազմաթիւ հրապարակումները բացայայտած են Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ գերմանական եւ օսմանեան ապացոյցներ, ներկայացուցած էր երիտթրքական ժամանակաշրջանի քաղաքականութեան մէջ Ալի Քեմալի դերակատարութեան ազդեցիկ նկարագրութիւնը: Ալի Քեմալ կողմնակից էր ազատական գաղափարներու, որոնք կը ճնշուէին ե՛ւ երիտթրքական ծայրայեղականներու, ե՛ւ Մուսթաֆա Քեմալի գլխաւորած թուրք ազգայնականներու կողմէ:
Ալի Քեմալ, առաւել պոռթկուն` քան ոեւէ այլ թուրք, դատապարտած է հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը եւ սուր քննադատութեան ենթարկած` իթթիհատական ցեղապաշտները` իբրեւ այդ յանցագործութեան հեղինակներու, անողորմաբար պահանջելով անոնց հետապնդումը եւ պատիժը: Այս վերաբերմունքին համապատասխան` ան պայքար կը մղէր նաեւ քեմալական շարժման դէմ, որուն այն ժամանակ կ՛աջակցէին տապալած Իթթիհատի գաղտնի գործիչները:
Ալի Քեմալը առեւանգեցին Պոլսոյ «Թոքաթլեան» պանդոկի սափրատունէն եւ լաստանաւով տարին քաղաքի ասիական մասը, ուղեւորուելով դէպի Անգարա` դաւաճանութեան համար մեղադրանքով դատի: Սակայն Իզմիթի մօտ խումբը կանգնեցուց Մուսթաֆա Քեմալի միացած այդ ժամանակուան Առաջին բանակի հրամանատար, զօրավար Նուրէտտին: Ալի Քեմալ զօրավարին հրահրումով լինչի դատաստանի ենթարկուեցաւ ամբոխին կողմէ: Անոր գլուխը ջախջախեցին մահակներով եւ զայն քարկոծելով սպաննեցին: Նուրէտտին անձամբ այսպէս նկարագրած է տեղի ունեցածը Ռիզա Նուրին, որ Իսմեթ Ինէօնիւի հետ Լոզան կը ճամբորդէր խաղաղութեան բանակցութիւններ վարելու Դաշնակից պետութիւններու հետ: Անոր արնաշաղախ մարմինը ապա կախաղան բարձրացուցին եւ վիզէն կախեցին տապանագիր մը, որուն վրայ գրուած էր` «Արթին Քեմալ»: Զոհին անակնկալօրէն հայու անուն շնորհելով` զտարիւն թուրքը մեծագոյն արհամարհանքի ենթարկեցին` իբրեւ անարգուած ազգի անդամի: Պատմականօրէն անարգուելով Թուրքիոյ մէջ իբրեւ դաւաճան` փորձեր կատարուած են վերատեսութեան ենթարկելու Ալի Քեմալի ժառանգութիւնը` Պորիս Ճոնսոնի անուան տարածումին հետ:
Ալի Քեմալ վերարժեւորուեցաւ իբրեւ այլախոհ եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպան: 2004 թուականին թուրք լրագրողներու միութիւնը Ալի Քեմալին անունը նշած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ նահատակուած լրագրողներու շարքին: Այդ ցուցակին շուտով միացաւ Հրանդ Տինք, որ սպաննուեցաւ 2007 թուականին, Հայոց ցեղասպանութեան հետ առերեսուելու թուրքերու ուղղուած կոչերուն համար, եւ որուն սպանութեան հետաքննութիւնները տակաւին աւարտած չեն պաշտօնական յստակ մեղսակցութեան պատճառով: 2011 թուականին թուրք լրագրողներու միութիւնը ցանկին աւելցուց անունները 1915 թուականին սպաննուած 10 հայ լրագրողներու, որոնց շարքին էր նաեւ յայտնի գրող եւ իրաւաբան Գրիգոր Զոհրապ, որ սպանութեան պահուն օսմանեան խորհրդարանի պատգամաւոր էր:
Հայերը եւ հեղինակաւոր պատմաբանները Քեմալ Ալին կը յիշեն իբրեւ բացառիկ անձնաւորութիւն, որ իրապէս արդարամիտ ու քաջարի թուրք անուանի մարդոցմէ մէկն էր Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին եւ ատկէ ետք:
Կապը Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նոր նախարար Պորիս Ճոնսընի հետ ուշագրաւ եւ յատկանշական է:
Մամլոյ Առաջին Ասուլիս
Պորիս Ճոնսըն իբրեւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար տուած իր առաջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, պատասխանելով բաւական քննադատական բնոյթ կրող հարցումներու, ըսաւ, որ իր կարգ մը յանդուգն արտայայտութիւնները ընդհանուր բովանդակութենէն անջատուելով ներկայացուցած են:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին Ճոնսըն փորձեց նսեմացնել նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Հիլըրի Քլինթընի մասին իր սուր նկատողութիւնները:
Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի կողմէ մինչեւ արտաքին գործոց նախարար նշանակուիլը` Ճոնսըն յօդուածագիր էր «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթին մէջ:
2007 թուականին ան գրած է. «Տիկին Քլինթըն կը նմանի մտային խանգարումներ ունեցողներու հիւանդանոցի մը սատիստ հիւանդապահուհիին»:
Նախքան Եւրոպական Միութեան հանրաքուէն` Ճոնսըն նաեւ քննադատուեցաւ նախագահ Պարաք Օպամայի «մասամբ քենիական» ծագման առնչութեամբ նշումին համար:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին երբ լրագրող մը հարցուց, թէ պիտի ուզէ՞ ներում հայցել, ան ըսաւ. «Մենք շատ երկար ժամանակ կրնանք վատնել վերաքաղ ընելով վերջին 30 տարիներուն ընթացքին իմ գրածներս: Այդ արտայայտութիւնները բոլորն ալ մարդիկ ներկայացուցած են` անջատելով ամբողջ պարունակէն»:
Ամերիկացի լրագրողներ երբ կրկին նոյն հարցումը ուղղեցին, Ճոնսըն ըսաւ. «Երկար ժամանակ պիտի տեւէ նշուած բոլոր անձերէն ներում հայցելը` իմ ըսած գանձերուս համար»:
Պ. Ճոնսըն Կը Լքէ Տարեկան 250 Հազար Սթերլին Եկամուտը` Յօդուածագիրի Աշխատանքը
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելէ ետք Պորիս Ճոնսըն լքեց յօդուածագիրի աշխատանքը, որուն համար տարեկան 247 հազար սթերլին կը գանձէր «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթէն:
Ասիկա վերջ մը կը դնէ թերթին մէջ 20 տարիներու իր աշխատանքին, թէեւ Ճոնսըն, իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, պարբերաբար մեկնաբանութիւններ պիտի գրէ քանի մը թերթերու համար: Ասոնք անշուշտ անվճար պիտի ըլլան:
Պորիս Ճոնսընի բանբեր մը լրատու միջոցներուն ըսաւ. «Թէեւ Ճոնսըն աւելի քան 20 տարիներու աշխատանքային շատ սերտ յարաբերութիւններ վայելած է «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթին հետ, իրեն համար պատշաճ պիտի չըլլար շարունակել յօդուածներ գրելը, տրուած ըլլալով, որ այժմ արտաքին գործոց նախարար է»:
Պորիս Ճոնսըն նաեւ ժամանակաւոր կերպով դադրեցուց աշխատանքը Շէյքսփիրի մասին իր նոր գիրքին վրայ: Գիրքը, որուն համար Ճոնսըն ստացած է 90 հազար նախավճար մը, պիտի հրապարակուէր հոկտեմբերին, սակայն «Հոտտըր եւ Սթոթըն» հրատարակչականը յետաձգեց ատոր հրատարակութիւնը:
Այս տարեսկիզբին հրապարակուած փաստաթուղթեր ցոյց կու տան, որ Ճոնսըն իր արտաքաղաքական գործունէութենէն ստացած եկամուտներուն համար 4 տարուան մէջ 1 միլիոն սթերլին պետական տուրք վճարած է:
Ան գրած է քանի մը գիրքեր, որոնց շարքին` Ուինսթըն Չըրչիլի կենսագրութիւնը:
Նախքան քաղաքական ասպարէզը մուտք գործելը` լրագրող եղած է: Ան 90-ական թուականներու կէսերուն օգնական խմբագիրն էր «Թելեկրաֆ» թերթին, եւ 1999-2005 խմբագիրը`«Սփեքթէյթըր»-ի: