«ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԱԶԴԵԼ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԽԱՂԱՂ ԼՈՒԾՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՎՐԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԼՈՒՔԱՇԵՒԻՉ
By adminx - Sat Sep 24, 6:35 am
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ` մեկնաբանելով 18 սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, յայտարարած է, որ անոնք ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման վրայ չեն կրնար ազդել:
«Ռուսիան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող միւս երկիրներուն` Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ սերտ փոխադարձ գործողութեամբ, աշխուժ միջնորդական ջանքեր կը գործադրէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ: Մենք պիտի շարունակենք հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն օժանդակել` ղարաբաղեան հանգոյցի փոխադարձ զիջումային հանգուցալուծման կարելի եղածին չափ շուտ հասնելու համար: Մենք կը հաստատենք մեր աջակցութիւնը` տարածքային ամբողջականութեան, ուժի չկիրարկման, ինչպէս նաեւ այլ հիմնարար սկզբունքներուն եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն: Ինչպէս յայտնի է, Ռուսիա Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իբրեւ անկախ պետութիւն չի ճանչնար: Կը կարծենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնները չեն կրնար ազդել տագնապի խաղաղ լուծման ընթացքին վրայ», ըսուած է Լուքաշեւիչի յայտարարութեան մէջ:
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print




