Friday May 24, 2013

ՔԱՓԵԼԼՕ ԿԸ ՄՏԱԴՐԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲ ՀՐԱՒԻՐԵԼ ՕՈՒԸՆԸ

By adminx - Fri Sep 23, 7:03 am

Երէկ, Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի իտալացի մարզիչ Ֆապիօ Քափելլօ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կը մտադրէ Անգլիոյ խումբին միացնել Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Մայքըլ Օուընը` դիտելէ ետք անոր տպաւորիչ խաղարկութիւնը Լիծի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Անգլիոյ լիկայի բաժակի մրցաշարք), ուր ան նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը (3-0):

«Ես միշտ ալ կը կարծէի, որ Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքը այդքան ալ կարեւոր չէ, սակայն երբ դիտեցի այդ մրցումը, տեսայ, որ անիկա որքա՛ն կարեւոր է: Այժմ ես Օուընի ապագան կը տեսնեմ փայլուն` Անգլիոյ խումբին հետ», ըսաւ Քափելլօ:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement