ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՓԱԿԵԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԱՅԱՆԸ
By adminx - Fri Sep 23, 6:44 am
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print
Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան` 19-23 սեպտեմբերին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին ընթացքին, Ազրպէյճան դարձեալ պահանջած է փակել հայկական հիւլէական կայանը:
«Ռեկնում» լրատու գործակալութեան համաձայն, Ազրպէյճանի գիտութիւններու ակադեմիայի նախագահ Մահմուտ Քերիմով իր ելոյթին ընթացքին յայտարարած է, որ Մեծամօրի հիւլէական կայանի գործունէութիւնը սպառնալիք կը ներկայացնէ ամբողջ շրջանին համար: Ան յայտնեց, որ այդ առնչութեամբ անհրաժեշտ է դադրեցնել կայանի աշխատանքները: Ըստ անոր, թէեւ միջազգային փորձագէտները բազմաթիւ հետազօտութիւններ իրականացուցած են այնտեղ, սակայն դիտարկումի տուեալները չեն ներկայացուիր Հայաստանի սահմանակից երկիրներուն:
Քերիմով նշած է, որ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի կողմէ բազմաթիւ առաջարկներ ներկայացուած են միջազգային դէտերու հետ ուսումնասիրութիւններ կատարելու` Մեծամօրի հիւլէական կայանի ապահովութեան մասին գաղափար կազմելու համար, սակայն Հայաստան եւ միջազգային կառոյցները այդ նախաձեռնութեան հաւանութիւն չեն տուած:
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print




