ՕՊԱՄԱ ԱՊՊԱՍԻՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ, ՈՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՎԵԹՈՅԻ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿԷ
By adminx - Fri Sep 23, 6:15 am
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print
Սպիտակ տան պաշտօնատար մը «Ամերիկայի ձայն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը զգուշացուցած է, թէ Ուաշինկթըն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Պաղեստինեան պետութեան ճանաչման քայլը վեթոյի պիտի ենթարկէ:
Օպամա Ապպասին յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի մէջ քայլերը պաղեստինեան պետութեան հաստատման պիտի չառաջնորդեն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ապպասին յայտնած է, որ իր երկիրը կը զօրակցի Իսրայէլի կողքին խաղաղութեամբ, ապահովութեամբ եւ բարի դրացնութեամբ ապրող պաղեստինեան պետութեան մը հաստատման: Ան նշած է, որ Ռուսիա հետագային, երբ պայմանները յարմար ըլլան, այդ նպատակը իրականացնելու աշխատանք պիտի տանի` Մոսկուայի մէջ կազմակերպելով Միջին Արեւելքի շուրջ խորհրդաժողով մը:
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print




