Մահացած է ճանչցուած արձակագիր, հրապարակախօս Հրաչեայ (Հրաչօ) Մաթեւոսեանը, 79 տարեկանին: Այդ մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Հայաստանի գրողներու միութենէն:
Հրաչեայ Մաթեւոսեան ծնած է 12 մայիս 1937-ին, Ահնիձորի մէջ: Աւարտած է Երեւանի համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքը: Երկար տարիներ աշխատած է Հայաստանի կոյրերու միաւորման հրատարակչութեան եւ մամուլին մէջ («Աւանգարդ», «Հայրենիքի ձայն», «Հայաստան»): Անոր բազմաթիւ ակնարկները, պատմուածքները, յօդուածները, հարցազրոյցները տպագրուած են մամուլին եւ գրական հանդէսներուն մէջ: Հրաչեայ Մաթեւոսեան Ռազմածովագիրներու միջազգային ընկերակցութեան եւ Լրագրողներու միութեան անդամ էր: Հեղինակ է նաեւ մանկական գիրքերու: