Անթիլիասի Դպրեվանքի
Ամավերջի Հանդէսը
Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 24 յունիս 1966, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, կաթողիկոսարանի բակին մէջ:
Լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, Թեհրանի հայոց առաջնորդ Արտակ արքեպիսկոպոսի, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ընդհ. փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեանի, դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոսի, վարդապետներու եւ աբեղաներու առաջնորդութեամբ, վեհափառ հայրապետը իր հանդիսավայր շքեղ մուտքին արժանացաւ ներկաներու յոտնկայս յարգանքին:
Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ դպրեվանքի «Սիրտ ի սիրտ» քայլերգի եւ «Որք զարդարեցին» Թարգմանչաց շարականի յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Մանուկ սարկաւագ Աստուածաշունչէն կարդաց «Սերմն բարի»-ն (Աւետարան ըստ Ղուկասու, գլ.ը. 4-15):
Ապրումով արտասանեցին ժառանգաւորներ Գ. Ճանեզեան` Թորգոմ պատրիարքի «Անձինք նուիրեալք»-ը եւ Ա. Թորոսեան` Արսէն Երկաթի «Տպագրիչ Աւետարանի»-ն:
Դպրեվանքի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի, յաջորդաբար խմբերգեց «Խօսք իմ որդուն»-ը, «Զինուորի երգ»-ը եւ «Արարատեան հովտի երգ»-ը:
Տեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան կարդաց դպրեվանքի ԼԶ. (1965-1966) տարեշրջանի տեղեկագիրը: Սրբազան հօր լիակատար եւ խորիմաստ վերլուծումով պատրաստած տեղեկագիրը պիտի տանք ամբողջութեամբ:
Տպաւորիչ արտասանութիւն մը եղաւ Յ. Օշականի «Աստուծոյ շունչով» խմբական արտասանութիւնը: Մենասողներն էին Պետրոս սարկաւագ եւ ժառանգաւորներ` Սերոբ Մորոյեան եւ Յովհաննէս Տեմիրճեան:
Զարեհ աբեղայի յանուն աւարտականներուն կարդացած գեղեցիկ ուղերձէն ետք տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը:
Ձեռամբ վեհափառ հայրապետի, վկայական ստացան քահանայից դասարանէն` Աշոտ քհնյ. Գոչեան եւ Արտաշէս Տաղլեան, որ քահանայ պիտի ձեռնադրուի Ամերիկայի մէջ:
Ընծայարանի բաժնէն` Ոսկան աբղ. Մխիթարեան եւ Զարեհ աբղ. Ազնաւուրեան, որոնք աբեղայ ձեռնադրուած էին յունիս 19-ի կիրակին` ինքզինքնին նուիրաբերելով Աստուծոյ եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան:
Օրհնութեան խօսքը ըրաւ վեհափառ հայրապետը:
Կիլիկիոյ սուրբ աթոռին նշանաբանը եղած է, ըսաւ վեհափառը, ծառայել Աստուծոյ եւ ծառայել ժողովուրդին: Մեր աթոռը իր փառքը տեսած է իր ծառայութեան դաշտին մէջ: Ընդարձակուած է ծառայութեան դաշտը մեր Կիլիկեան աթոռին: Դպրեվանքը մեր սուրբ աթոռին սիրտն է: Իր առաքելութիւնն է` հասնիլ ծառայութեան, ուրկէ որ ձայն մը կու գայ: Ժողովուրդէն եկած օժանդակութիւնը կ՛երթայ ժողովուրդին:
Այս հոգեւոր տան մէջ է, որ կը պատրաստուին մշակներն ու հովիւները` երթալու եւ ծառայելու համար հայ ժողովուրդի դաշտին մէջ, քարոզելու Ս. Աւետարանն ու տարածելու հայ ժողովուրդի հազարագանձ մշակոյթը:
Այնուհետեւ, վեհափառ հայրապետը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նախ դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոսին, որ իր գուրգուրանքին առարկան դարձուցած է դպրեվանքը եւ զայն կը վարէ նուիրումով ու ձեռնհասութեամբ, ապա` ուսուցիչներուն, Ս. Աթոռի ուխտանուէր միաբանութեան, թեմերու առաջնորդներուն, ազգային իշխանութեանց եւ հայ ժողովուրդին, որոնք իրենց նիւթական ու բարոյական օժանդակութեամբ նեցուկ կը հանդիսանան եւ կը գնահատեն Կիլիկեան աթոռին գործունէութիւնը:
Իր օրհնութիւնը վերջացուց վեհափառը` աղօթելով, որ ամենաբարին Աստուած իր թանկագին հովանիին տակ պահէ ու պահպանէ հայ ժողովուրդը եւ անոր ծառայութեան կոչուած դպրեվանքը:
Տպաւորիչ մթնոլորտի մը մէջ հանդէսը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» երգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ եւ վեհափառ հօր «Պահպանիչ»-ով:
Հ.
Սիմոնեան Քոլեճի
Ամավերջի Հանդէսը
Նախագահութեամբ Վահան Փափազեանի (Կոմս), «Սիմոնեան քոլեճ»-ի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 25 յունիս, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պետական երաժշտանոցի սրահին մէջ:
Շրջանաւարտներու մուտքէն, ապա լիբանանեան եւ դպրոցի քայլերգէն ետք գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը:
Բացման խօսքը ըրաւ Գ. Գարապոյաճեան: Ուղերձներ կարդացին` Վ. Թուլումճեան (անգլերէն), Յ. Քիւփէլեան (հայերէն), Յ. Գարփուզեան (արաբերէն): Արտասանեցին` Ս. Պոյաճեան (անգլերէն), Զ. Գալըպճեան (հայերէն) եւ Շ. Սարգիսեան (արաբերէն): Տեղի ունեցաւ նաեւ խմբային արտասանութիւն` շրջանաւարտներու կողմէ: Շ. Թութիկեանի հայերէն մեներգէն ետք փակման խօսքը ըրաւ օրուան նախագահ Վահան Փափազեան: Ան գնահատեց եւ իբրեւ ազգասիրական մեծ ծառայութիւն նկատեց Փափազեան, «Սիմոնեան քոլեճ»-ի հիմնադիր տէր եւ տնօրէն Անուշաւան Սիմոնեանի կրթանուէր գործունէութիւնը:
Վկայականներու բաշխումէն ետք հուսկ բանքը խօսեցաւ Անուշաւան Սիմոնեան:
Վկայական ստացան` Սեդրակ Պոյաճեան, Վարուժան Թուլումճեան (յիշատակութեամբ), Սիլվա Ազիրեան, Մարի Պօղոսեան, Ֆիլոմէն Գալայճեան, Զարմինէ Գալըպճեան, Սոնա Գույումճեան, Սոնա Մխիթարեան, Շողիկ Սարգիսեան եւ Շաքէ Թութիկեան, Կարօ Անթիքաճեան, Փառէն Պոյամեան, Լեւոն Տէր Բարսեղեան, Վահէ Ինճեճիկեան, Յակոբ Գարփուզեան, Պետրոս Գարաօղլանեան, Յարութիւն Քիւփէլեան, Հայկ Նալպանտեան եւ Մկրտիչ Սուքիասեան: