Համազգայինի «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցին փառահեղ ելոյթն էր: Ոչինչ կը գերազանցէր այն հրճուանքն ու բերկրանքը, որ պարգեւեցին 300 եւ աւելի հայ մանուկներ` իրենց հրաշալի ելոյթներով ու բեմական գեղեցիկ կատարումներով: Բեմին վրայ կը խայտառ հայ սերունդ մը, որ շնորհիւ Համազգայինի պարարուեստի դպրոցին, կը թրծուի մարդկային եւ ազգային լաւագոյն յատկանիշներով:
Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցի տարեկան ելոյթը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 24 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» կեդրոնի սրահին մէջ: Ելոյթի պարուսոյց ու գեղարուեստի պատասխանատուներն էին Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեաններ, որոնց բծախնդիր ջանքերով ու պատասխանատուութեամբ յաջողութեամբ իրականացաւ ձեռնարկը:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ ողջունեց ներկաները Համազգայինի «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցի տարեկան ելոյթին առիթով եւ ըսաւ, որ Համազգայինի արուեստի բոլոր դպրոցները հայաշունչ եւ հայատրոփ մշակութային գիտելիքներու եւ ուսուցման կրթօճախներ են: Ան յայտնեց, որ «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցը այս տարի հանրութեան կը ներկայանայ այլ ոճով եւ արուեստի բազմապիսի ճաշակով ու երանգով: Ելոյթի իրականացման մէջ մեծ բաժին ունեցան տէր եւ տիկին Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեանները: Գապասագալեան խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց պարուսոյցներուն, Աննա Ամասիին, ծնողական օժանդակ յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք բարոյապէս ու նիւթապէս սատար հանդիսացան ելոյթի յաջողութեան եւ իրականացման:
Յայտագիրը, որ ընթացաւ երկու բաժինով, կը զարմացնէր իր բազմազանութեամբ եւ նորութիւններով. առաջին արարով «Գայեանէ»-ն հանդէս եկաւ հայկական նրբաճաշակ պարերով, ինչպէս` «Վարդագոյն աղջիկներու պար», «Բերդ պար», «Արտաշատի պար», «Մախմուր աղջիկ», «Մենք ենք մեր սարերը» եւ «Տաւիղ». ուշագրաւ էին հայկական տարազներու առանձնայատկութիւնն ու գեղեցկութիւնը: Ասոնց կողքին օտար եւ արեւելեան եղանակներու բեմականացուած պարերով մանուկները եւ պատանիները հանդիսատեսին հրամցուցին փունջ մը պարարուեստի աշխարհէն:
Երկրորդ արարով «Գայեանէ»-ի աշակերտները թատերապարով ներկայացուցին մանկական աշխարհի հեքիաթներէն Մոխրիկը: Համազգայինի պարարուեստի դպրոցը իր 300 աշակերտներով առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան կը ներկայանար թատերապարով:
Այս արարի ընթացքին հայրենիքէն յատուկ հրաւիրուած արուեստագէտ Աննա Ամաս աւազէ ստուերանկարներ պատրաստեց եւ առաջին անգամ ըլլալով լիբանանահայութեան ներկայացուց: Մինչ թատերապարի բաժինները կ՛իրականանային, Աննա Ամաս աւազով կառուցուող պատկերները շատ արագ կը փոխէր` մանուկներու ելոյթին հետ աքրքրական մթնոլորտ ստեղծելով:
Կարելի է ըսել, թէ ազատ եւ անկաշկանդ բեմականացումը աւելի իմաստաւորուեցաւ գունագեղ հանդերձանքով ու աւազէ ստուերային պատկերներով:
Փոքրիկներու ոգեւորուածութենէն վարակուեցաւ նաեւ լեփ-լեցուն սրահը իր հանդիսատեսով: Մանուկները կրցած էին ընկալել իրենց դերակատարութիւնը բեմին վրայ եւ զայն դրսեւորեցին առինքնող վայելչութեամբ:
Աւարտին հարուստ էր բեմը մանուկներով, որոնց երկար ծափողջոյններով խրախուսեց պարարուեստով հետաքրքրուած հանդիսատեսը, որ ծաղկեփունջերով պատուեց պարուսոյցներն ու արուեստագէտը:
Իսկապես փառահեղ էր, թող տեսնեն քաղքենի այն ծնողները, ովքքր երեխաներին օտար պարի դպրոցներ են տանում, թող տեսնեն, որ մեր հայկական դպրոցում մենք հայկական գեղջկական հետամնաց պարեր չենք պարում ,այլ արտասահմանյանի բերջին նորույթի պարեր: Հիացած եմ: