Sunday May 19, 2013

ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՌՈՒՍԻԱ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ

By adminx - Tue Sep 20, 7:02 am

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարուեցաւ, որ յառաջիկայ 15-20 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի հանդիպումը` աշխարհի եւ ողիմպիականի ախոյեան Հայաստանի եւ Ռուսիոյ (աշխարհի նախկին ախոյեան) միջեւ յետաձգուեցաւ: Անիկա տեղի պիտի ունենայ 2012-ի գարնան:

Նշենք, որ յետաձգումին մասին ոչինչ յայտարարուեցաւ:

Յայտնենք նաեւ, որ այս հանդիպումին Հայաստանը պիտի ներկայացնէին Ռաֆայէլ Վահանեան, Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Արման Փաշիկեան եւ Հրանդ Մելքումեան:

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement