Երեքշաբթի, 21 յունիս 2016-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ իր տարեկան համերգով ելոյթ պիտի ունենայ Համազգայինի «Գուսան» սենեկային երգչախումբը. խմբավարութեամբ` Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Յասմիկ Գասպարեանի: Ձեռնարկը կը վայելէ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած է Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ:
Նախքան համերգը, երէկ երեկոյեան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երգչախումբին նախավերջին փորձը: «Ազդակ» ներկայ գտնուեցաւ փորձին եւ համերգի ու երգչախումբի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով զրուցեց խմբավար Գրիգոր Ալոզեանի հետ: Ալոզեան նկատել տուաւ, որ իրենց աշխատանքային տարեշրջանը չ՛ամբողջանար տարեկան համերգով` աւելցնելով, որ ամրան ընթացքին երգչախումբը կը շարունակէ իր փորձերը` անշուշտ նուազ հերթականութեամբ, եւ դարձեալ հանդէս կու գայ համերգով:
Խօսելով երգչախումբին ունեցած աշխատանքային գործունէութեան մասին` Ալոզեան թուեց երեք կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնք տեղի ունեցած են համերգներու կողքին: Ա) Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած Սեդա Կանաչեանի հրաժեշտի երեկոյին մասնակցութիւն, ուր երգչախումբը մեկնաբանած է Բարսեղ Կանաչեանի շարք մը խմբերգներ: Ան նկատել տուաւ, որ «Գուսան» երգչախումբի հիմնադիրը եղած է Կոմիտաս, սակայն աշխատանքը շարունակած է Բարսեղ Կանաչեան: Հետեւաբար երգչախումբի երգացանկը անպայման կ՛ընդգրկէ Կոմիտասի եւ Բարսեղ Կանաչեանի գործերէն: Բ) Գործակցաբար Համազգայինի եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով երգչախումբը պատրաստած է տեսերիզ մը «Աւետիս» խորագիրով, որ կ՛ընդգրկէ շարք մը ժողովրդական աւետիսներու, որոնք կ՛երգուին մեր աւանդական գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ` աւետելով Քրիստոսի ծնունդը: Ալոզեան յայտնեց, որ երաժիշտ Արեն Աւետեան այդ շարքը վերածած է բազմաձայնի` երգչախումբին համար եւ Ս. Ծննդեան առիթով արձանագրուած ու սփռուած է լիբանանեան պատկերասփիւռի բոլոր կայաններէն: Գ) Նորվեկեան ընկերութեան կողմէ Մեսրոպ Մաշտոցի ապաշխարութեան 2 շարականներու ձայնագրում` Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, երգչախումբի արական կազմին կատարողութեամբ: Ալոզեան բացատրեց, թէ սոյն ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին քրիստոնեայ եկեղեցիներ, որոնք ներկայացուցին շարք մը իրենց աւանդական շարականներէն:
Ալոզեան նաեւ յայտնեց, թէ այս տարի երգչախումբը ձայնագրած է հայոց բանակին նուիրուած երգ մը, մենակատարութեամբ` Շողիկ Թորոսեանի, մասնակցութեամբ` երգչախումբի տղոց, եւ այդ երգը ներկայացուած է Արցախեան ազատագրական պայքարի 28-ամեակին նուիրուած երեկոյին:
Անդրադառնալով համերգի ծրագիրին` Ալոզեան ըսաւ, որ երգացանկը կը ներառէ աւանդական բաժին եւ նոր երգեր: Կոմիտասի շարքին վրայ աւելցած են 3 նոր խմբերգներ, ինչպէս նաեւ Բարսեղ Կանաչեանի խմբերգներէն: Ասոնց կողքին պիտի ներկայացուին ժամանակակից 2 խմբերգներ, նաեւ Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերայէն հատուած մը` կատարողութեամբ աղջիկներու խումբին:
Խօսելով երգչախումբի հաւաքական աշխատանքին մասին` Ալոզեան նկատել տուաւ, որ իւրաքանչիւր անդամ ունի իր ներդրումը այդ հաւաքական աշխատանքին մէջ` աւելցնելով, որ փորձերը իրար քով գալու եւ զիրար վայելելու առիթ կը ստեղծեն: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց անցեալին երգչախմբային արուեստին ունեցած դերակատարութիւնը հայկական երաժշտութեան մէջ` շեշտելով, որ իբրեւ Համազգային այդ առաքելութիւնը պէտք է շարունակել: