ՍՊԻՏԱԿ ՏՈՒՆԸ ՄԱԿ-Ի ԼԻԻՐԱՒ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄՈՒՄԻ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՔԱՅԼԸ «ԱՆՕԳՈՒՏ» ԿԸ ՆԿԱՏԷ
By adminx - Sat Sep 17, 6:11 am
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ հետզհետէ կ՛ամրապնդուի այն համոզումը, թէ իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հիմնական հարցերը խաղաղութեան բանակցութեանց ճամբով կը լուծուին եւ ոչ թէ ՄԱԿ-ի կողմէ իրենց պետութեան ճանաչում ապահովելու պաղեստինեան փորձին միջոցով:
Քլինթըն ըսաւ, որ «Միացեալ Նահանգներ խորապէս համոզուած են, որ դէպի խաղաղութիւն տանող ուղին եւ կողք կողքի ապրող երկու պետութեանց գոյութիւնը Նիւ Եորքէն չ՛անցնիր, այլ` Թել Աւիւէն եւ Ռամալլայէն»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յոյս յայտնեց, որ պաղեստինեւիսրայէլեան բանակցութիւնները վերսկսին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի անցեալ տարուան մայիսին յայտարարած սկզբունքներուն հիմամբ` նշելով, որ իր երկիրը այդ մէկը իրականացնելու առնչութեամբ յանձնառու է:
Սպիտակ տունը իր կարգին յայտնեց, որ կ՛ուզէ օժանդակել իրենց պետութիւնը ունենալու պաղեստինցիներու ջանքերուն` նշելով, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի մտադրութեան հիմամբ ՄԱԿ-ի դիմելը «անօգուտ հարց մըն է»:
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print




