Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Այսօր մենք պիտի ուղղուինք դէպի Լուսնթագ մոլորակը: Հռոմէացիներուն համար Լուսնթագը աստուածներու թագաւորն էր: Մեզի համար անիկա գաղտնիքներով շրջապատուած մոլորակ մըն է:
Անձնաթուղթ
– Զայն կ՛անուանեն` Հսկան:
Անիկա մեր արեգակնային դրութեան ամէնէն մեծ եւ ամէնէն ծանր մոլորակն է: Անոր մօտ մեր երկրագունդը մրջիւնի մը նման փոքրիկ կ՛երեւի:
– Ան շատ լուսաւոր է: Մենք կրնանք դիւրութեամբ հեռադիտակով մը զայն տեսնել:
– Ան հաստատուն մակերես մը չունի, այլ կազի հսկայական գունդ մըն է, որ կրնայ աստղի մը վերածուիլ… Սակայն անջրպետը տարբեր որոշում մը տուած է:
– Երեւակին նման` Լուսնթագն ալ ունի գօտիներ: Սակայն մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ ճիշդ ինչէ՞ կազմուած են անոնք:
– Երբ Լուսնթագին կը նայինք, մենք զայն գծաւոր կը տեսնենք: Անոր շուրջը դարձող այդ երիզները ամպերէ կազմուած են:
– Տասնեակներով բնական արբանեակներ կը դառնան անոր շուրջ: Անոնցմէ չորսը (Փօ, Եւրոփ, Կանիմետ եւ Քալիսթօ) ունին արեգակնային դրութեան մոլորակի մը չափը:
* * *
Մեծ կարմիր բիծին հանելուկը…
Լուսնթագը բնաւ հանդարտ մոլորակ մը չէ: Հռոմէացիներուն չաստուածին նման, ան իր կամքը կը պարտադրէ: Ան շատ հզօր մոլորակ մըն է, ուր ապրիլը դիւրին չէ: Հոն անդադար բնական բուռն երեւոյթներ տեղի կ՛ունենան: Անոնցմէ ամէնէն ծանօթը եւ նոյն ատեն ամէնէն խորհրդաւորը, կարմիր բիծն է: Լաւորակ հեռադիտակով մը, եւ երբ Լուսնթագ լաւ ուղղութեամբ կը գտնուի, կարելի է զայն երկրագունդէն տեսնել: Հսկային հարաւային կիսագունդին վրայ գտնուող այս բիծը իսկական բիծ մը չէ: Ան հսկայական փոթորիկ մըն է, որ կը տարածուի տասնեակ հազարաւոր քիլոմեթրերու վրայ: Ներկայիս գիտնականները կը փորձեն գիտնալ, թէ ուրկէ կու գայ այդ կարմիր գոյնը: Անոնք շատ մօտ են այս հարցումին պատասխանը գտնելու, սակայն տակաւին անոնց պատրաստած տարրերու խառնուրդը ճիշդ նոյն երանգը չէ տուած: Հանելուկը տակաւին անպատասխան կը մնայ…
Կարեւոր թուական մը
4 յուլիս 2016-ին «Ճունօ» անջրպետանաւը, որ արեւի ուժով կը բանի, պէտք է հասնի իրեն համար ճշդուած դիրքին` Լուսնթագին ծիրին վրայ: Մէկ տարուան ընթացքին ան մոլորակին շուրջ պիտի դառնայ երեսուն անգամ եւ մեզի պիտի ղրկէ կարեւոր տեղեկութիւններ Լուսնթագին մասին: Ինչո՞ւ մեծ կարմիր բիծին չափը երկու անգամ պզտիկցած է մէկ տարուան ընթացքին: Ինչո՞ւ ան այս գոյնը ունի: Ինչէ՞ բաղկացած են մոլորակին շուրջի օղակները: «Ճունօ» մօտ օրէն պիտի սկսի իր հետազօտութեան: Ասիկա գիտական մեծ նորութիւն մըն է եւ` շատ երկար ճամբորդութիւն մը: Անջրպետանաւը մեր մոլորակը լքած է օգոստոս 2011-ին:
Հետաքրքրական
– Կատուն ինչպէ՞ս կը տեսնէ մութին մէջ: Ան բան մը չի տեսներ, երբ ամբողջովին մութ է: Սակայն եթէ նուազագոյն լոյս մը գոյութիւն ունի, անոր բիբը առաւելագոյն չափով կ՛ընդլայնի լոյս ստանալու համար: Այս լոյսն է, որ աչքին խորքը կը ցոլացուի հայելիի մը նման:
– Օճառը ինչպէ՞ս կը մաքրէ: Իւղերը եւ կեղտերը անոր կը կառչին, եւ այս ամբողջը ջուրին հետ կ՛երթայ, երբ մենք կը լուացուինք:
– Ճուտիկը ինչպէ՞ս կը մեծնայ հաւկիթին մէջ: Ան կը սնանի հաւկիթին դեղնուցով եւ կը խմէ անոր ճերմկուցը: Ան կը շնչէ շնորհիւ օդով լեցուած պզտիկ գրպանի մը: 21 օր ետք ան կը կտրէ հաւկիթին կեղեւը եւ դուրս կ՛ելլէ:
– Սարդը ինչպէ՞ս կը հիւսէ իր ոստայնը: Սարդը մետաքսեայ թել մը կ՛անցընէ երեք կէտերէ, որոնց միջեւ ան կը հիւսէ իր ոստայնը, աւելի քան` 30 մեթր թելով:
– Ապակին ինչպէ՞ս կը շինուի: Աւազը կը խառնուի օշնանի եւ կիրի հետ: Այս խառնուրդը կը տաքցուի փուռի մը մէջ 1600 աստիճան: Ապա այս հեղուկ ապակին կը պարպուի կաղապարի մը մէջ, որ անոր ձեւ կու տայ:
– Նորածին դլփինը ինչպէ՞ս կը շնչէ: Երբ ան կը ծնի, անոր մայրը կամ խումբէն ուրիշ էգ դլփին մը կ՛օգնէ բարձրանալու դէպի ջուրին մակերեսը, ուր ան իր թոքերը օդով պիտի լեցնէ: Ձուկերը կրնան շնչել ջուրին մէջ` շնորհիւ անոնց գլխուն երկու կողմերը գտնուող խռիկներուն, որոնց միջոցով անոնք կը ծծեն ջուրին մէջ գտնուող թթուածինը: Դլփինները այս դրութեամբ չեն օժտուած, հետեւաբար անոնք չեն կրնար շնչել ջուրին տակ:
Զօրաւոր Յիշողութեամբ
Օժտուած Թեւատը
Համացանցին շնորհիւ` այս պատմութիւնը հասած է աշխարհին չորս կողմերը եւ մեծ յուզում յառաջացուցած է ամէն տեղ: Պատմութիւնը կը սկսի հինգ տարի առաջ, երբ պրազիլցի ձկնորս մը կը քալէր Ռիօ տը Ժաներոյի ծովափներէն մէկուն վրայ: Ժոա 71 տարեկան է. ան պիտի ունենայ հանդիպում մը, որ իր կեանքը պիտի փոխէ: Քարիւղով ծածկուած ժայռերուն վրայ երկնցած է մաժելլան թեւատ մը, որ մահուան դէմ կը պայքարի: Առանց վարանելու` Ժոա կ՛որոշէ փրկել անասունը: Ձկնորսը թեւատը կը դարմանէ, կը կերակրէ երկար շաբաթներու, ամիսներու ընթացքին: Ան նոյնիսկ զայն կ՛անուանէ Տինտիմ: Ժոա կը փորձէ նոյնիսկ թեւատը ազատ արձակել եւ զայն բնութեան վերադարձնել, սակայն Տինտիմ չէր ուզեր երթալ: Ան ձկնորսին շատ կապուած էր…
Այս ձեւով, այդ ժամանակէն ի վեր, ամէն տարի, Տինտիմ կը վերադառնայ Ռիօ` Ժոայի հետ քանի մը շաբաթներ անցընելու համար: Սակայն անոր կատարած ճամբորդութիւնը դիւրին չէ: Մասնագէտները կ՛ենթադրեն, որ Տինտիմ իւրաքանչիւր ճամբորդութեան կը լողայ մօտաւորապէս ութ հազար քիլոմեթր: Ժոա կը բացատրէ, որ ինք թեւատը կը սիրէ իր զաւակին նման եւ կ՛ենթադրէ, որ անասունն ալ զինք նոյն չափ կը սիրէ: Մասնագէտներուն համար կասկած չկայ: Տինտիմ Ժոայի հետ կը վարուի իր ընտանիքին մաս կազմող անդամներէն մէկուն նման, անոր նայելով իբրեւ ուրիշ մաժելլանի թեւատի մը նման:
Պոնը-Պոնը Առաջին
Առանց Ծխախոտի Գիւղը
Ինտոնեզիա աշխարհի ամէնէն շատ ծխող բնակիչներ ունեցող երկիրն է: Հակառակ ասոր` Ասիոյ այս երկրին մէջ է, որ կը գտնուի առաջին «զերօ ծխախոտ» գիւղը:
Պոնը-պոնը գիւղին 800 բնակիչներէն ոչ մէկը կը ծխէ: Գիւղին մէջ կարելի է տեսնել ծանուցագիրներ, որոնք կը գովեն գիւղին տեսարանները եւ մաքուր օդը:
Գիւղին մէջ ծխախոտը արգիլելու որոշումը տրուած է ո՛չ առողջապահական պատճառներով, այլ` մանուկներուն օգնելու համար: Պոնը-պոնը շատ աղքատ գիւղ մըն է, ուր ընտանիքներուն հայրերը իրենց ամբողջ դրամը կը ծախսեն ծխախոտ գնելու համար:
Անոնք բաւարար դրամ չէին ունենար իրենց զաւակներուն ուսման վարձը վճարելու համար:
Այսուհետեւ, Պոնը-պոնըին մէջ բոլորը աւելի առողջ են եւ` զարգացած:
Երաժիշտ Թռչուններ
Մեզի ծանօթ էին կառուցող թռչունները, երգիչները, սիրահարները… Ահա` երաժիշտ թռչուններ: Նոր ուսումնասիրութեան մը շնորհիւ փաստուած է, որ ափրիկեան յատուկ թռչուն մը կրնայ իր թեւերը օգտագործել իւրայատուկ երաժշտութիւն մը «նուագելու» համար:
Երբ ան կը թռչի, կարելի է լսել ձայն մը, որ շատ տարբեր է ուրիշ ձայներէ, եւ որ կը նմանի ճռնչող անիւի մը կամ տարօրինակ ճչակի մը: Զայն ուսումնասիրելով` մասնագէտները փաստած են, թէ այս փոքրիկ թռչունը կը գործածէ միայն իր փետուրները եւ ոչ` իր կտուցը, այս հաճելի եղանակը յառաջացնելու համար: Եւ ըստ երեւոյթին, ան կը սիրէ այս ժամանցը, որովհետեւ ան գրեթէ ամբողջովին դադրած է երգելէ, եւ կը գործածէ միայն այս «գործիքը»` թէ՛ թռչելու, թէ՛ ալ նուագելու համար:
Ողիմպիական Խաղեր…
Մարդամեքենաներուն Յատուկ
2017-ի դեկտեմբերին տարօրինակ մրցաշարք մը տեղի պիտի ունենայ` «Ուըրլտ ֆիւչըր սփորթց կէյմզ»: Երկու օրերու ընթացքին ինը տարբեր մրցումներ տեղի պիտի ունենան` ֆութպոլ, փինկ փոնկ, լող… մրցումներ, զորս մենք կրնանք տեսնել ընդհանրապէս Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին:
Սակայն այս պարագային գոյութիւն ունի փոքրիկ տարբերութիւն մը. այս խաղերուն իրարու դէմ մարզիկներ պիտի չմրցին, այլ… մարդամեքենաներ: Տուպայի մէջ կազմակերպուած այս ապագայի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ ամէն երկու տարին անգամ մը: Հետաքրքրական պիտի ըլլայ տեսնել նման խաղերու ընթացքը:
Ժամանց