«ԱՌԱՆՑ ՄԵՐ ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ` ԱՄԲՈՂՋ ՇՐՋԱՆԻՆ ԱՊԱԳԱՆ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ Է» ՇԵՇՏԵՑ ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏ
By adminx - Fri Sep 16, 6:46 am
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ ներկայ գտնուեցաւ հարաւային Լիբանանի Ատլուն գիւղաքաղաքին մէջ Հըզպալլայի կազմակերպած ձեռնարկին, որուն ընթացքին խօսք առնելով շեշտեց, որ Դիմադրութեան զէնքին մասին խօսող ուժերը պարզապէս մաս կը կազմեն այն կողմերուն, որոնք կը միտին շրջանին մէջ ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիրին ընդդիմանալ:
«Եթէ մենք զգաստ եւ մնայուն պատրաստակամութիւն չունենանք ընդդիմանալու այս ծրագիրին, ապա ամբողջ շրջանին ապագան կը վտանգուի: «Մինչդեռ այսօրուան դրութեամբ եւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին աւարտին Հըզպալլայի արձանագրած յաղթանակէն ետք Իսրայէլ ինքն է, որ կը վախնայ եւ կը զգուշանայ յարձակումներ գործելէ, որովհետեւ անոր ներքին ճակատը վտանգուած է եւ ամբողջ սիոնական գոյացութիւնը ենթակայ է Դիմադրութեան հակազդեցութեան: Հետեւաբար, Իսրայէլ կը վախնայ եւ այդ պատճառով ալ կը փորձէ յարձակումներ գործել այլ դռներէ` օգտագործելով տարբեր միջոցներ», ըսաւ Ռաատ:
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print



